Նիքարակուայի Մայրաքաղաքին Օդակայանէն Ոչ Հեռու Երկնաքար Մը Ինկած Է

Երկնաքարին իյնալուն վայրը

Երկնաքարին իյնալուն վայրը

«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Նիքարակուայի մայրաքաղաք Մանակուայի միջազգային օդակայանէն ոչ հեռու փոքր երկնաքար մը ինկած է:

Ըստ Նիքարակուայի կառավարութեան ղեկավար Ռոզարիօ Մուրիլիոյի, երկնաքարը ինկած է 7 սեպտեմբերին: Յատուկ ստեղծուած յանձնախումբը արդէն հաստատած է երկնաքարին իյնալուն փաստը, «որ հաւանաբար անջատուած է Երկիրին մօտէն անցնող գիսաւոր աստղէն»:

Նիքարակուայի վարչապետը երկնաքարը ուսումնասիրելու խնդրանքով դիմած է միջազգային փորձագէտներու:

Նիքարակուայի տարածքային հետազօտութիւններու հիմնարկի մասնագէտներէն Ումպերթօ Սապալոս յայտնած է, որ 24 մեթր տրամագիծով երկնաքարը 5 մեթր խորութեամբ փոս յառաջացուցած է: Ըստ անոր, տակաւին յայտնի չէ, թէ երկնաքարը իյնալու պահուն բաժնուա՞ծ է մասերու:

Share this Article
CATEGORIES