Զուիցերիա Պատրաստ Է Ապաստան Տրամադրել Սնոուտընի` Ցուցմունքի Համար

Էտուըրտ Սնոուտըն
Զուիցերիական «ՍոննթակզՑայթուն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Զուիցերիոյ դաշնակցային դատախազութիւնը պատրաստ է ապաստան տրամադրելու Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան գործակալութեան եւ «Սի. Այ. Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընին, որ այժմ կը գտնուի Ռուսիա:
Կը հաղորդուի, որ գոյութիւն ունի յատուկ փաստաթուղթ մը, որուն միջոցով կը նախատեսուի Սնոուտընը չարտայանձնել Միացեալ Նահանգներուն, եթէ ան տեղափոխուի Զուիցերիա, եւ Միացեալ Նահանգներ պահանջեն անոր արտայանձնումը: Վերջինս, սակայն, կրնայ տեղի ունենալ այն պարագային, եթէ անիկա չհակասէ «գերագոյն պետական պարտաւորութիւններուն»:
Կը նախատեսուի նաեւ, որ Զուիցերիոյ մէջ Սնոուտըն ցուցմունք տայ Ազգային անվտանգութեան գործակալութեան գաղտնալսումներու գործով: Զուիցերիոյ խորհրդարանին մէջ Սնոուտընի հարցաքննութեան պարագային անոր նաեւ պաշտպանութիւն պիտի տրամադրուի:
Անցեալ տարուան յուլիսէն Սնոուտըն ժամանակաւոր ապաստան ստացած է Ռուսիոյ մէջ:

