Մաքսային Միութեան Եւ Վիեթնամի Միջեւ Ազատ Առեւտուրի Գօտին Պիտի Սկսի Գործել 2015-ին
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ առաջին փոխվարչապետ Իկոր Շուվալով ռուս-վիեթնամական միջկառավարական յանձնախումբի նիստին ընթացքին լրագրողներուն յայտնած է, որ Վիեթնամի եւ Մաքսային միութեան երկիրներուն միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման մասին համաձայնութիւնը պատրաստ պիտի ըլլայ 2015-ի սկիզբը:
«2015-ի յունուարէն աշխատանքը պիտի սկսի Եւրասիական տնտեսական միութիւնը, եւ միութեան անունով Վիեթնամի եւ Մաքսային միութեան միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման մասին համաձայնագիր պիտի ստորագրուի», յայտնած է Շուվալով:
Ռուսիոյ առաջին փոխվարչապետը յայտնած է, որ մնացած է լուծել քանի մը հարցեր, որով պիտի զբաղի տնտեսական զարգացման նախարարութիւնը:
Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարար Ալեքսէյ Ուլիուքայեւ օգոստոսի վերջաւորութեան յայտնած էր, որ Վիեթնամի հետ ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծելը ունի 2015-ին առեւտուրի ծաւալները 7 միլիառ տոլարի հասցնելու ընդհանուր նպատակը:

