«Անաչառ Լուսաբանումով Լրագրողները Կը Նպաստեն Երկրին Պաշտպանութեան» Կ՛ըսէ Սէյրան Օհանեան

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Լրագրողներու համերաշխութեան միջազգային օրուան առիթով:

Ուղերձին մէջ կ՛ըսուի.

«Այսօր` 8 սեպտեմբերին, ամբողջ աշխարհը կը նշէ Լրագրողներու համերաշխութեան միջազգային օրը: Այդ օրը բոլոր երկիրներու լրագրողներն ու պարբերականները կը դրսեւորեն իրենց համերաշխութիւնը եւ աշխարհին ցոյց կու տան իրենց միասնութիւնը:

Գաղտնիք չէ, որ զինուած ուժերուն առջեւ դրուած խնդիրներու լուծման կատարելութիւնը մեծապէս կախուած է բանակի, զինուորական ծառայութեան եւ զինուորական ծառայողներուն նկատմամբ հասարակութեան վերաբերմունքէն: Այս առումով յատկապէս կարեւոր է լրատուութեան միջոցներու եւ լրագրողներու աշխատանքը: Զինուած ուժերու գործունէութեան, իրադարձութիւններու անաչառ լուսաբանման միջոցով լրագրողներու բանակը կը նպաստէ ոչ միայն զինուած ուժերու զարգացման, այլ նաեւ մեր երկրի պաշտպանութեան ունակութեան ամրապնդման:

Արցախեան ազատամարտի շարժումի առաջին օրերէն բազմաթիւ լրագրողներ լծուեցան հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: Զինուորական լրագրողներէն ոմանք նահատակուեցան այդ պայքարին ընթացքին: Յաւերժ յիշատակ եւ փառք անոնց: Անոնց անունները ամէն տեղ պէտք է հնչեն հպարտութեամբ:

Այսօր ալ մեր պաշտպանական համակարգին ստորաբաժանումներուն մէջ կը ծառայեն բազմաթիւ լրագրողներ: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերջին տարիներուն աշխուժ  համագործակցութիւն ծաւալած է հայաստանեան լրատուամիջոցներուն եւ լրագրողներուն հետ: Կազմակերպուած են բազմաթիւ լրագրական այցելութիւններ սահմանային զօրամասեր, ասուլիսներ, հանդիպումներ, վերապատրաստման դասընթացքներ: Մեր լրագրողները իրենց մեծ կամ փոքր նիւթերով եւ շեշտադրումներով կը ներկայացնեն ազգային բանակը, զինուորականի առօրեան` նպաստելով բանակ-հասարակութիւն կապի ամրապնդման:

Լրագրողները նաեւ իւրայատուկ կամուրջ են հասարակութեան եւ զինուած ուժերուն  միջեւ: Եւ վստահ եմ, որ բոլորը կը գիտակցին այդ առաքելութեան ամբողջ  պատասխանատուութիւնը եւ յոյսով եմ, որ մեր լրագրողները կը շարունակեն պատուով կատարել իրենց առաքելութիւնը` հաւատարիմ մնալով բարոյականութեան սկզբունքներուն, հաւասարակշիռ, կառուցողական եւ առարկայական հրապարակումներով անդրադառնալ բանակաշինութեան խնդիրներուն, զինուած ուժերուն մէջ ընթացող բարեփոխումներուն:

Յուլիս-օգոստոսեան դէպքերը ապացուցեցին վտանգի պահուն հայ հասարակութեան տարբեր շերտերու, նաեւ` լրագրողներու համախմբուելու եւ հայկական բանակին սատար կանգնելու կարողութիւնն ու պատրաստակամութիւնը` մոռնալով բոլոր տարաձայնութիւններն ու գաղափարական տարակարծութիւնները: Զինուորական  յենակէտերուն եւ զինուորներուն հետ ունեցած անոնց զրոյցներէն ծնած հրապարակումները բարձրացուցին հայ զինուորին մարտական ոգին: Ամենայն պատասխանատուութեամբ կատարելով իրենց մասնագիտական պարտքը եւ մեկնելով սահմանամերձ բնակավայրեր եւ զինուորական յենակէտեր, լրագրողները ներկայացուցին սահմաններուն վրայ տիրող իսկական պատկերը, սահմանամերձ գիւղերու բնակչութեան ամէնօրեայ հերոսական կեանքը, հայկական բանակի ստորաբաժանումներու վտանգաշատ, բայց վստահ ծառայութիւնն ու աներեր կեցուածքը:

Լրագրողներու բանակը նոյնպէս հաստատեց, որ հայրենիքի պաշտպանութեան եւ իրենց հրապարակումներով բանակին աջակցութիւն ցուցաբերելու առումով միասնական են, համախմբուած եւ պատրաստ իրենց մասնագիտական հմտութիւններով ծառայել հայրենիքին: Ներկայացնելով մեր զինուորներուն եւ սպաներուն մասին բազմաթիւ հրապարակումներ, լուսանկարներ, վաւերագրական ժապաւէններ` լրագրողը կ՛աջակցի հայրենիքի սահմանին վրայ կանգնած զինուորին, կը բարձրացնէ անձնակազմի զինուորական ոգին եւ վերջապէս` զինուորներու ծնողները կը տեսնեն իրենց զաւակներուն ծառայութեան մէջ հայրենանուէր գործ կատարող:

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր լրագրողներուն` դժուար այդ օրերուն ծաւալած աշխուժ գործունէութեան եւ ուժերու ներածին չափով բանակին սատարելու, միասնական ջանքերով պաշտպանութեան նախարարութեան աջակցելու համար:

Կը շնորհաւորեմ բոլոր լրագրողները եւ կը մաղթեմ համախմբուածութիւն, համերաշխութիւն, քաջառողջութիւն, երջանկութիւն ու յաջողութիւններ անձնական կեանքի եւ աշխատանքի մէջ:

Թող ձեր գրիչը արգասաբեր եւ բեղուն ըլլայ` ի նպաստ մեր հայրենիքին ու զինուած ուժերու հզօրացման»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES