Երիտասարդական Կեդրոնի Բացում` Նինոծմինտայի Մէջ
Նինոծմինտայի բնակիչները հաւաքուած կը սպասէին տեղւոյն երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնի բացման արարողութեան, հակառակ տեղատարափ անձրեւին: Ողջոյնի խօսք, ժապաւէնի հատում, կեդրոնի օրհնում: Այս բոլորը արդիւնքն են քրտնաջան աշխատանքին եւ երկու տարի տեւած պայքարին: Կեդրոնի կառուցման պատասխանատուները արդէն անցեալով կը յիշեն դժուարութիւնները եւ կ՛ըսեն. «Վերանորոգումը իրականացուած է սեղմ ժամկէտի մէջ. շէնքը գործարկելու արտօնութիւն ստանալը շատ բարդ էր»: Բացման ներկայ էին Ջաւախքի շրջաններու ղեկավարներ, Վրաստանի խորհրդարանի երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Արֆորվիլ քաղաքի քաղաքապետարանի պատուիրակութիւնը, որ Ջաւախք հասած էր յատուկ այդ նպատակով: Հոն էին նաեւ հայերու պատուիրակութիւններ Ֆրանսայէն, Լիբանանէն եւ Իրանէն: Անոնք անմիջական մասնակցութիւն ունեցած են կեդրոնի կառուցման եւ կահաւորման աշխատանքին: Ոմանք առաջին անգամ ըլլալով Ջաւախք կ՛այցելեն: Տպաւորուած էին ու հիացած: Նինոծմինտայի մէջ էին Արֆորվիլ քաղաքի ներկայ եւ նախկին քաղաքապետները: Անոնք կը վստահեցնեն, որ իրենց ցանկութիւնը եղած է օգնել ջաւախեցիներուն: Ջաւախքի մասին տեղեկացած են «Ֆրանս- Ջաւախք» հասարակական կազմակերութենէն: «Ընտրութիւնը պատահական չէր: Պէտք է զարկ տալ հայապահպանման գործին, իսկ հոս չկար այն տանիքը, որ կը համախմբէր տեղւոյն հայ երիտասարդները: Արդէն երկու տարի է, որ կապի մէջ ենք «Ֆրանս- Ջաւախք» հասարակական կազմակերութեան հետ, եւ Արֆորվիլ քաղաքը շատ հետաքրքրուած էր Նինոծմինտայի մէջ կեդրոնի կառուցման օգնելով: Միաժամանակ, կ՛ուզեմ նշել, որ մեր քաղաքին բնակչութեան 10 առ հարիւրը հայ է: Մեր հոս գտնուիլը, կը կարծեմ, պատահական չէ». կ՛ըսէ Արֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Քարպոնաս: Ասիկա Ջաւախքի մէջ երիտասարդական երրորդ կեդրոնն է: Բնակիչներուն ժամանց ապահովելէ բացի, կեդրոնը ունի գերագոյն նպատակ. հայապահպանութիւն եւ մայրենի լեզուի անաղարտ պահպանում: Նախնական տուեալներով, կեդրոն կը յաճախէ շուրջ 250 աշակերտ: Խմբակներուն մէջ կը դասաւանդեն Երեւանի մէջ ուսանած տեղացի երիտասարդ մասնագէտները: Կեդրոնին մէջ կը գործէ գրադարան, որ յագեցած է հայոց պատմութեան, գրականութեան դասագիրքերով: Գրադարանը կը կոչուի Հայ օգնութեան միութեան Լիբանանի Ջաւախքի յանձնախումբի անդամ, հանգուցեալ Յովհաննէս Քելեշեանի անունով:
Տեղացիները վստահ են, որ այս եւ նման կեդրոններու շնորհիւ իրենք ամուր կապ կը պահեն հայրենիքին հետ:

