Մխիթարեանի Վնասուածքը Լուրջ Չէ

Մխիթարեան վիրաւորուելու ընթացքին

Մխիթարեան վիրաւորուելու ընթացքին

Եուրօ 2016-ի զտումի խաղերուն Հայաստանի առաջին մրցումին ընթացքին, Հենրիխ Մխիթարեան փոխարինուած էր 71-րդ վայրկեանին:

Հայաստանի Ազգային խումբի մարզիչ Պեռնարտ Շալլանտ խաղէն ետք իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յստակացուցած էր, որ Մխիթարեանին փոխարինած էր վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:

Սակայն երէկ Հենրիխի ակումբը` Պորուսիա Տորթմունտ, իր պաշտօնական կայքին վրայ հաստատած էր, թէ Մխիթարեանի վնասուածքը լուրջ չէ եւ արդէն իսկ վաղը ան խումբին հետ պիտի կատարէ իր առօրեայ փորձերը:

Share this Article
CATEGORIES