Թենիս . Սերենա Ուիլիըմզ Դարձաւ Ախոյեան

Սերենա Ուիլիըմզ
Աղջկանց թենիսի աշխարհի դասաւորման առաջին հանդիսացող ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ դարձաւ այս տարուան «Եու. Էս. Օփըն»-ի ախոյեան:
Ան երկու սեթերով (6-3 ; 6-3) եւ 1 ժամ 15 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպումէ մը ետք յաղթեց դանիացի Քարոլին Վոզնիաքիին, այսպիսով ան շահեցաւ այս մրցաշարքին իր վեցերորդ բաժակը (յաջորդաբար` երրորդ):
Նշենք, որ ան նոր մրցանիշ մը հաստատեց աղջկանց թենիսի պատմութեան մէջ, երբ դարձաւ առաջին թենիսվումընը, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին մէջ կը շահի աւելի քան 60 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Յիշեցնենք նաեւ, որ ան ներկայիս շահած է 18 կրան շլեմ եւ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը` ետ մնալով միայն Սթեֆի Կրաֆէն, որ իր կարգին ունի 22 կրան շլեմի տիտղոսներ:
CATEGORIES Մարզական

