Ըմբշամարտ. Ազատ Ոճի Խաղերուն Մասնակցեցան Հայաստանի 3 Ներկայացուցիչներ
Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենտի մէջ ընթացող ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան ազատ ոճի պայքարի խաղերուն մասնակցած են Հայաստանի 5 մարզիկներէն 3-ը:
57 քկ կշիռքի խաղերուն Գարիկ Բարսեղեան 1/16-րդ հանգրուանին պարտուեցաւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչ Միքոլէ Այվազեանէն:
70 քկ կշիռքի խաղերուն Գրիգոր Գրիգորեան յաղթեց չինացի Եունֆէյ Կույային, սակայն քառորդ աւարտականին պարտուեցաւ ամերիկացի ըմբշամարտիկ Նիքոլաս Մարպելէն:
86 քկ կշիռքի խաղերուն եւս Հայաստանի ներկայացուցիչ Մուսա Մուրթազալիեւ 5:3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց պուլկարացի Միխայիլ Քանիեւէն:
CATEGORIES Մարզական

