Քաուք. «Հաւատադրժողական Ահաբեկչութեան Դէմ Պաշտպանութեան Ռազմավարութիւն Մը Պէտք Է Մշակել»
Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ դիմադրութեան անկարող Իսրայէլ գտած է ոսկեայ առիթ մը եւ դաշնակցած հաւատադրժողական ահաբեկչութեան հետ` իրականացնելու համար նոյն նպատակը, որն է` Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի Դիմադրութեան առանցքներու հարուածումը:
Շէյխ Քաուք ընդգծեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի ոճիրներուն նկատմամբ աչք խփելու պատճառով է, որ կը դիւրանայ անոր ոճրային ծրագիրին իրականացումը: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին զինուորներուն առեւանգումը բոլոր լիբանանցիներուն արժանապատուութեան առեւանգումն է, ինչպէս նաեւ ազատութիւններու եւ գերիշխանութեան քանդումը:
«Անիկա համազօր է ամէնօրեայ դրութեամբ գործուող բռնարարքներուն եւ պէտք է ամէն գնով ազատ արձակել առեւանգուած բանակայինները», ըսաւ ան:
Շէյխ Քաուք անհրաժեշտ նկատեց նաեւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ պաշտպանութեան ռազմավարութեան մը մշակումը:

