«Առողջապահութեան Նախարարութիւնը Հրապարակեց Որոշում Մը, Որուն Հիման Վրայ Դեղօրայքի Սակերը Աւելի Քան 20 Առ Հարիւրով Պիտի Նուազին» Ընդգծեց Ապու Ֆաուր

Քազզի եւ Ապու Ֆաուր
Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ այցելեց աշխատանքի նախարարութեան կեդրոն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ բարեկարգումներ կատարելու շրջագիծին մէջ նախարարութիւնը որոշած է դեղօրայքի սակերը աւելի քան 20 առ հարիւրով նուազեցնել:
Իր կարգին, Քազզի ընդգծեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան եւ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին հետ աշխատանքի նախարարութեան յարաբերութիւնը բնական է` աւելցնելով, որ յաջորդ հանգրուանին պիտի քննարկեն քաղցկեղի յատուկ դեղերու սակերուն նուազեցումը` նկատի ունենալով անոնց արտակարգ սուղ ըլլալու իրականութիւնը:
Քազզի հաստատեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկու նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:
CATEGORIES Լիբանանեան

