Ժոմպլաթ. «Արաբական Աշխարհը Պիտի Չկարենայ Առանձինն Ահաբեկչութեան Դիմադրել»

Ժոմպլաթ եւ Ֆլեչըր

Ժոմպլաթ եւ Ֆլեչըր

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ յայտնեց, որ արաբական աշխարհին մէջ տարածուած ահաբեկչութեան եւ բռնարարքներուն կողքին, ինչպէս նաեւ քաղաքական իրադարձութիւններուն արձանագրած զարգացումներուն ի տես կարելի է նկատել, որ տարբեր երկիրներու սահմանները աշխարհագրական որոշ փոփոխութիւններ պիտի կրեն:

Ժոմպլաթ ընդգծեց նաեւ, որ պէտք է նաեւ վերջ տալ արաբական աշխարհին սպառնացող ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան ալիքին, այլապէս անիկա պատճառ պիտի դառնայ, որ արաբական աշխարհը փլուզումի ենթարկուի:

Այս շրջագիծին մէջ Ժոմպլաթ ըսաւ, որ արաբական աշխարհը պիտի չկարենայ առանձինն ահաբեկչութեան դիմադրել:

«Հաւանաբար ժամանակն է արդէն Արաբական լիկայի հասկացողութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու եւ առիթ տալու` ստեղծելու համար շրջանային նոր դրութիւն մը եւ Արաբական լիկայի դռները ընդարձակելու` ներառնելու համար Թուրքիան եւ Իրանը, որոնք շրջանային երկու հսկայ բեւեռներ են եւ կրնան օժանդակել Իրաքէն Սուրիա երկարող ահաբեկչութեան դէմ պայքարին», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ ողջունեց լիբանանեան բանակի նահատակները, որոնք կը զոհուին պահպանելու համար Լիբանանի անվտանգութիւնը, կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

Նշենք, որ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները եւ շրջանային հարցերը:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլին ցաւակցագիր մը յղեց ամերիկացի լրագրողներ Ճէյմս Ֆոլիի եւ Սթիվըն Սոթլովի սպանութեան առիթով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES