Պասիլ-Փլամպլի Հանդիպում

Պասիլ եւ Փլամպլի
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ լիբանանեան բանակի առեւանգուած զինուորականներու գլխատումները:
Այս իմաստով Փլամպլի դրուատեց վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ անցեալ կիրակի երեկոյեան արտասանուած ճառը, որուն ընդմէջէն ան շեշտեց երկրին միասնականութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումին անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանին տնտեսական, մարդասիրական եւ զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը:
Փլամպլի կոչ ուղղեց անմիջապէս հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու:

