Վարչապետարանին Մէջ . «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Կառավարութեան Եւ Կը Պատրաստուինք 26 Սեպտեմբերի Կարեւոր Խորհրդաժողովին» Շեշտեց Փաթրիս Փաուլի

Փաուլի եւ Սալամ

Փաուլի եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող իրավիճակը:

Հանդիպումէն ետք Փաուլի հաստատեց, որ ինք վարչապետ Սալամին փոխանցած է Փարիզի զօրակցութիւնը` Լիբանանի կառավարութեան, ընդգծելով երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Դեսպանը յայտնեց, որ Ֆրանսա մտահոգ է Լիբանանի ապահովական կայունութեամբ եւ կը մաղթէ, որ նախագահական ընտրութիւն կատարուի, երկիրը ունենայ իր հանրապետութեան նախագահը եւ կանոնաւորուին անոր սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքները:

Փաուլի ընդգծեց նաեւ, որ Փարիզ կը պատրաստուի 26 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք կարեւոր խորհրդաժողովին, որուն պիտի նախագահէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն եւ որուն ներկայ պիտի գտնուի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս:

Վարչապետ Սալամի այցելեցին նաեւ Պէյրութի երեսփոխաններէն Մոհամետ Քապպանի, Ամմար Հուրի, Պասեմ Շապ եւ Իմատ Հութ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը, որուն լուծման շրջագիծին մէջ երեսփոխանները ընդգծեցին իրենց վստահութիւնը` կառավարութեան նկատմամբ:

Share this Article
CATEGORIES