Ա. Նազարեան. «Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Սարակներուն Շարժումները Կը Սպառնան Լիբանանը Մութի Մատնել»

Նախարար Նազարեան` մամլոյ ասուլիսին

Նախարար Նազարեան` մամլոյ ասուլիսին

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ այցելեց Զուքի ելեկտրակայանը, ուր ստուգեց աշխատանքները եւ ապա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը սարակներուն կողմէ գրաւուած է եւ արդարութեան ու ներքին գործոց նախարարութիւնները ամբաստանեց իրենց աշխատանքներուն մէջ թերանալու յանցանքով:

Ա. Նազարեան հաստատեց, որ ելեկտրական հոսանքի յատուկ ստացագիրներ հրապարակելու հոլովոյթը կ՛ուշանայ Ելեկտրականութեան ընկերութեան կեդրոնական շէնքին գրաւումին պատճառով` աւելցնելով, որ այս իրականութեան պատճառով ընկերութեան պաշտօնեաներուն աշխատավարձերուն վճարումը պիտի վտանգուի, իսկ քաղաքացիները յաւելեալ տուրքեր պիտի վճարեն:

Նախարար Նազարեան ընդգծեց, որ դատական իշխանութիւններուն կողմէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ տիրող կացութեան անտեսումը եւ համապատասխան քայլերու չդիմելու իրականութիւնը դատական իշխանութիւններուն նկատմամբ քաղաքացիներուն վստահութիւնը կը կորսնցնէ:

«Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն շարժումները կը սպառնան Լիբանանը մութի մատնել, իսկ ընկերութեան բռնագրաւումը կը սպառնայ անոր արտադրութեան: Պետական հաստատութեան մը շրջափակումը արգիլուած է», եզրափակեց Ա. Նազարեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES