Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Զինեալ Բախումները Կը Վերսկսին, Իսկ Պեքաայի Մէջ Ծայր Կ՛առնէ Փոխադարձ Առեւանգումներու Ալիք Մը

0908_jampanerou_pagoumԵրէկ երեկոյեան Արսալի բարձունքներուն վրայ եւ Ուատի Ռահիանի ու Ռահուէի մէջ զինեալ բախումներ արձանագրուեցան լիբանանեան բանակին եւ Ժապհաթ Նուսրայի ու ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն միջեւ:

Արեւելեան լեռնաշղթային վրայ արձանագրուող բուռն բախումներուն կողքին, Լապուէն թիրախ դարձած է Արսալէն արձակուած հրթիռներու:

Հրթիռներ ինկած են նաեւ Պրիթելի եւ Հորթաալայի մէջ:

Միւս կողմէ, ճամբաներու փակումէն բացի երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին փոխադարձ առեւանգումներ կատարուեցան:

Առեւանգումներուն «բացումը» կատարուեցաւ, երբ զինեալներ առեւանգեցին Արսալի բնակիչներ ճարտարապետ Ապտալլա Պրայտին եւ Հիւսէյն Ֆլիթին` առ ի պատասխան Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ լիբանանցի բանակայիններուն առեւանգումին:

Առեւանգող կողմը Պրայտիի եւ Ֆլիթի ճակատագիրը կապեց առեւանգուած զինուորականներուն ճակատագիրին:

Առեւանգողները շեշտեցին, որ առեւանգեալները լաւ վիճակի մէջ են եւ լաւ վարուելակերպի կ՛արժանանան: Անոնք բանակայիններուն առեւանգումին յանցանքով ամբաստանեցին շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրին եւ Արսալի քաղաքապետ Ալի Հիւժէյրին:

Երէկ երեկոյեան Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը հաստատեց, որ իրենք պիտի չբանակցին ահաբեկիչներուն հետ` ստանձնելու համար Ապպաս Մըտլեժի դիակը, իսկ ՏԱՀԵՇ Մըտլեժի դիակը պիտի չյանձնէ, մինչեւ որ Լիբանանի կառավարութեան հետ բանակցութիւն կատարէ:

Պէտք է նշել, որ առեւանգուած լիբանանցի զինուորներէն Ալի Սէյիտը սպաննող զինեալին ինքնութիւնը բացայայտուած է: Ան լիբանանցի քաղաքացի Պիլալ Օմար Միքաթին է, որ ծանօթ է Ապու Հրէյրա Միքաթի անունով:

Թէեւ Ալի Սէյիտը գլխատելու ընթացքին Ապու Հրէյրա Միքաթի իր դէմքը լաթով մը փաթթած էր, սակայն անոր աչքերէն եւ նայուածքէն կարելի եղած էր բացայայտել անոր ինքնութիւնը:

Այս մասին անոր կողմէ ձայնային արձանագրութիւն մը հասած էր «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին:

Այդ արձանագրութեան մէջ Ապու Հրէյրա շեշտած էր, որ քաթարցի միջնորդները հաստատած էին, թէ իւրաքանչիւր զինուոր կարելի է փոխանակել 15 իսլամ բանտարկեալով:

Նշենք, որ Պիլալ Օմար Միքաթի 1994-ի ծնունդ է. ան սալաֆական մըն է եւ ժիհատական, որ կը ճանչնայ ՏԱՀԵՇ-ը իբրեւ պետութիւն: Ան լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած է իբրեւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ապահովական բախումներու մասնակցած յանցագործ, ապա ուղղուած է Սուրիա եւ մասնակցած Քալամունի ճակատամարտներուն:

Թրիփոլիի մէջ լիբանանեան բանակը Ապու Հրէյրայի բնակարանը ներխուժած է, սակայն հոն տեղի ունեցած զինեալ բախումներուն ընթացքին Ապու Հրէյրա ձեռնառումբ մը նետած է բանակին վրայ եւ կրցած փախուստ տալ:

Արսալի զինեալ բախումներուն սկսելէն երկու շաբաթ առաջ Պիլալ Օմար Միքաթի նշմարուած է հիւսիսային Լիբանանի շրջաններէն մէկուն մէջ, իսկ Արսալի դէպքերէն ետք երեւցած է առեւանգուած բանակայիններուն յատուկ տեսանիւթին եւ Ալի Սէյիտի գլխատման տեսանիւթին մէջ:

Ապու Հրէյրա Միքաթի երէկ երեկոյեան հերքեց իրեն վերագրուած Ալի Սէյիտը գլխատելու ամբաստանութիւնները եւ շեշտեց, որ ինք 7 օրէ ի վեր  Իտլիպ կը գտնուի:

Share this Article
CATEGORIES