Աղթամարի Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Դարձեալ Պատարագ Մատուցուեցաւ

0908_aghtamar«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ հինգերորդ անգամ ըլլալով պատարագ մատուցուած է:

Պատարագը կատարուած է Թուրքիոյ մէջ ապրող քրիստոնեաներու մասնակցութեամբ: Առաջին անգամ ըլլալով պատարագին միացած են յոյներու պատրիարք Բարթողիմէոսը եւ Թուրքիոյ ասորի համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Եուսուֆ Չեթինը: Պատարագը մատուցած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան:

Աթեշեան սրբազանը նշած է, որ այս անգամ աղօթած են անոնց համար, որոնք զոհուած են պատերազմներու ընթացքին, յատկապէս` միջինարեւելեան: Ուղերձ յղուած է «խաղաղութիւն երկրին մէջ եւ աշխարհին մէջ» բնաբանով:

Share this Article
CATEGORIES