Ռուստամեան. «Նախ Պէտք Է Կատարել Սահմանադրական Փոփոխութիւններ»

0908_sahmanadrՀայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ Դաշնակցութեան դիրքորոշումին` հիմնաւորելով խորհրդարանական կառավարման համակարգին կողմնակից ըլլալու յայտարարութիւնները:

Ըստ անոր, խորհրդարանական կառավարման համակարգին միջոցով կարելի պիտի ըլլայ ազատիլ գերկեդրոնացուած համակարգէն, որովհետեւ աւելի դժուար է ընդդիմութեան համար պայքարիլ կեդրոնացուած, քան ապակեդրոն եւ հաւասարակշռուած համակարգի մը դէմ: «Այնպէս որ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ մարտավարական իմաստով, մեր մօտեցումն է` անցնիլ խորհրդարանական համակարգի, ատիկա վաղուց հասունցած է եւ անհրաժեշտութիւն է », ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

Ռուստամեան համոզում յայտնեց, որ խորհրդարանական կառավարման համակարգը թոյլ չի տար փակ, գաղտնի որոշումներ տալ,  անոնք կ՛ըլլան հրապարակային եւ հաւասարակշռուած: Պատասխանելով այն դիտարկման, թէ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ կը համընկնին Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին մօտեցումները, Արմէն Ռուստամեան կարծիք յայտնեց, որ երբ երկրին մէջ կարելի է բան մը իրագործել, միշտ ալ նպաստաւոր դաշտ կրնայ յառաջանալ ոչ միայն ընդդիմութեան, այլ նաեւ իշխանութեան մէջ գործող ուժերուն մօտ: «Պատահական չեմ նկատեր, որ նախագահները իրենց պաշտօնավարման վերջին ժամկէտին մէջ կը համաձայնին նման փոփոխութիւններ իրականացնել: Բոլորդ ալ նկատած էք, որ անոնք, որոնք համակարգին մէջ կը գտնուին, կը դժգոհին այդ համակարգէն, երբ կը յայտնուին այդ համակարգի հարուածներուն ներքեւ: Բոլոր նախագահներն ալ կը դժգոհին համակարգէն, այդ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ առաջին նախագահը դժգոհ կ՛ըլլայ երկրորդէն ու երրորդէն, երկրորդ նախագահը դժգոհ կ՛ըլլայ առաջինէն ու երրորդէն», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան` աւելցնելով, որ քաղաքական հասունութիւնը կը պահանջէ երկիրը տանիլ այն ուղղութեամբ, որմէ կը շահի ժողովուրդը, ոչ թէ վախնալ պայքարէն ու յայտնուիլ անտրամաբանական իրավիճակի մէջ:

Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, եթէ ոչ իշխանական քառեակը յայտարարէ, որ Դաշնակցութեան դիրքորոշումը սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ ընդունելի է, սակայն սահմանադրական փոփոխութիւնները պէտք է կատարել հետագային, ապա այլ իրավիճակ պիտի յառաջանայ, սակայն քառեակը նման բան չէ յայտարարած: «Մենք կ՛ըսենք` եթէ նախագահական աթոռէն հրաժարիք հիմա` ընելով այդ փոփոխութիւնները, սակայն անոնք կ՛ըսեն, եկէք այդ փոփոխութիւնները իրականացնենք նախագահական ընտրութիւններէն ետք, ինչ որ կը նշանակէ` ձգեցէք քիչ մը մենք նստինք այդ աթոռին, յետոյ կ՛ընենք սահմանադրական փոփոխութիւնները», յայտնեց Արմէն Ռուստամեան:

Ան շեշտեց, որ չի տեսներ որեւէ դիտաւորութիւն քառեակի երեք ուժերու մօտեցումներուն մէջ, պարզապէս քաղաքական հասունութիւնը կը պահանջէ տալ այլ որոշում` սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ:

 

Share this Article
CATEGORIES