Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Աւստրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

7962_bՀայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց  պաշտօնական այցելութեամբ  Հայաստան հասած Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրցը:

Նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Քուրց նշած է, որ Աւստրիա շահագրգռուած է Հայաստանի հետ զարգացնելու ոչ միայն քաղաքական համագործակցութիւնը, այլ նաեւ մեծ ուշադրութիւն դարձնելու ամէնէն տարբեր մարզերուն, յատկապէս տնտեսական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան:

Քուրց պատահական չէ նկատած, որ իրեն հետ Հայաստան եկած է աւստրիացի գործարարներու բազմամարդ  պատուիրակութիւն մը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ երկու երկիրներու գործարար համայնքներուն միջեւ հաղորդակցութիւնները եւ Երեւանի մէջ նախարար Քուրցի այցելութեան ծիրին մէջ Աւստրիոյ զարգացման գործակալութեան գրասենեակի հիմնումը, զգալիօրէն կը խթանեն երկկողմ առեւտրական-տնտեսական կապերը:

Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ մարդասիրական եւ մշակութային կապերը երկու ժողովուրդները կամրջող կարեւոր գործօններէն են: Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Աւստրիոյ իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան, Մխիթարեան միաբանութեան հանդէպ ցուցաբերուող ուշադրութեան համար որուն շնորհիւ Վիեննան դարձած  է հայագիտութեան ճանչցուած կեդրոններէն մէկը:

Սերժ Սարգսեան եւ Սեպասթիան Քուրց նաեւ անդրադարձած են շրջանային խնդիրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ներկայ հանգրուանին եւ հեռանկարին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES