Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պիտի կարենաք առաւելագոյն չափով օգտագործել ձեր նիւթական եւ բարոյական կարողութիւնները: Օրուան տէրը դուք էք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դժուար պիտի ըլլայ ձեր ներքին ուժը կիրարկել` հակառակ ձեր ունեցած հարստութեան: Օրը համբերութիւն կը պահանջէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի չկարենաք որեւէ բան ուզել ձեր բարեկամներէն: Վստահեցէ՛ք ձեր ուժին եւ ձեր իմաստութեան:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աշխատանքի մէջ դժուարութիւն պիտի ունենաք յաջողելու: Այս իրողութեան դիմաց մի՛ տկարանաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Գիրք մը պիտի արթնցնէ ձեր հետաքրքրութիւնը: Այս ընթերցանութիւնը պիտի շարունակէ ձեզ զարմացնել: Ընթերցումը կը հարստացնէ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Զգուշացէք ձեր վճարումները յետաձգելէ, որովհետեւ հետագային բարդ կացութեան մը դիմաց կրնաք գտնուիլ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Բանակցութիւն մը վարելու տրամադրութիւն պիտի չունենաք: Մի՛ պնդէք անպայման բանակցիլ, չէք յաջողիր: Իրատես եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դանդաղեցուցէք աշխատանքի ձեր կշռոյթը, մի՛ աճապարէք, որովհետեւ աճապարանքով ոչինչ կը շահիք: Համբերեցէք, ամէն բան` իր կարգին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մարզանքը պիտի դժգոհեցնէ ձեզ, մինչդեռ շատ կարիք ունիք մարզանքի` ձեր ֆիզիքական կերպարանքը բարելաւելու համար:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ընտանեկան շրջանակի մէջ զրոյց պիտի ունենաք, բայց խօսքը կ՛արգելակէ մտածումը: Առանց մտածելու` կարծիքներ մի՛ յայտնէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի կարենաք ընտանեկան ձեր պարտականութիւնը կատարել լիուլի: Ձեր այս վերաբերումով սիրելի պիտի ըլլաք ամէնուն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պարզացուցէք օրուան հարցերը, ինչո՞ւ համար կը բարդացնէք անօգուտ հարցերը: Իմաստութիւն կը պահանջուի ձեզմէ:

