50 Տարի Առաջ (10 Սեպտեմբեր 1964)

Ուշագրաւ Դրուագներ Սողոմոն Թեհլիրեանի Կեանքէն

«Ես Յարգանք Ունիմ Հերոսներու Հանդէպ,
Երանի՜ Շատ Սողոմոններ Գտնուէին Մեր Մէջ»,
Ըսած Է Եուկոսլաւիոյ Ոստիկանապետը

————————-

Ազգ Մը, Որ Հերոս Չունի, Պատմութիւն Չունի…

Հետեւեալ յուշերը լսած եմ ուղղակի ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի բերնէն ու կը փափաքիմ հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել:

– Ամերիկա գալու համար,- վերջին անգամ կը պատմէր Սողոմոն,- եկած էի Փարիզ, Ֆրանսա, ուր հայ գաղութը հաւաքոյթ մը սարքեց ինձ համար: Ներկայ էր նաեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը` Վազգէն Ա.: Բազմաթիւ հայեր ներկայ էին, ու շատեր, հակառակ իմ կամքիս, ձեռքս կը համբուրէին:

Պահ մը վեհափառ Վազգէն Ա. մօտեցաւ ինծի, ու ճակատս համբուրելէ յետոյ ըսաւ. «Քու մատդ համբուրողները շատ աւելի էին, քան` իմ աջս համբուրողները»: Ապա ներկաներուն դառնալով` յայտարարեց.

– «Այսպէ՛ս պէտք է յարգուի հերոսը: Ազգ մը, որ հերոս չունի, պատմութիւն չունի»:

Թեհլիրեան ուրիշ առիթով մըն ալ պատմեց հետեւեալը.

– 1927-28 տարիներուն կը բնակէի Պելկրատ, Եուկոսլաւիա: Այդ շրջանին Եուկոսլաւիա լաւ յարաբերութիւններ կը պահէր Թուրքիոյ հետ, եւ օր մըն ալ հաղորդուեցաւ, թէ թուրք վարչապետը` Իսմեթ Ինէօնիւ, Պելկրատ պիտի այցելէ: Սակայն թուրքերը յայտնած էին նաեւ, թէ Թալէաթի ահաբեկիչը` Սողոմոն Թեհլիրեան, Պելկրատ կը բնակի:

Մայրաքաղաքի ոստիկանապետը, առ ի զգուշութիւն, կ՛որոշէ Պելկրատի եւ շրջանի բոլոր հայերը հաւաքել եւ Ինէօնիւի այցելութեան օրերուն հսկողութեան տակ պահել: Իր այս որոշումն ալ հաղորդած էր Պելկրատի Հայ ազգային խորհուրդին, որուն ատենապետը իր մօտ հրաւիրած էր, գանգատելով նաեւ, թէ «Ս. Թեհլիրեանը ձեր մէջ է, եւ ինք լուր չունի»:

Ազգ. խորհուրդի ատենապետը եւս կը յայտարարէ, թէ ինք «Սողոմոն Թեհլիրեան անուն հայ մը չի ճանչնար Պելկրատի մէջ», որովհետեւ ես տարբեր անունով կ՛ապրէի` Մելիքեան:

Այդ օրերուն գործով կը բացակայէի Պելկրատէն, եւ այնպէս պատահեցաւ, որ Ինէօնիւի Պելկրատ հասնելէն քիչ յետոյ ես ալ վերադարձայ եուկոսլաւ մայրաքաղաքը:

Հոն տեսայ անմիջապէս կինս` Անահիտը եւ Ազգ. խորհուրդի ատենապետը, որոնք սարսափած էին Պելկրատի ոստիկանապետին ձեռք առած միջոցէն, որ բոլոր հայերուն բանտարկութիւնն էր:

Ատենապետը վախ յայտնեց յայտնապէս ինձ համար եւ խնդրեց, որ պահուիմ:

Իսկ ես, քիչ մը նեղուած, ըսի կնոջս, թէ պէտք էր ոստիկանապետին յայտնէր իմ ինքնութիւնս: Կինս պատասխանեց. «Վախցայ, որովհետեւ թուրքերը կրնան պահանջել քեզ, եւ եուկոսլաւները կը յանձնեն թերեւս, ո՞վ

կրնայ փրկել քեզ անոնց ձեռքէն»:

Պահ մը տունս հանգստանալէ յետոյ, առանց կնոջս ոչինչ յայտնելու, գացի ուղղակի ոստիկանատուն եւ ներկայացայ ոստիկանապետին, որ, թթուած երեսով, աթոռ մը հրամցնելէ յետոյ ըսաւ.

– Սողոմոն Թեհլիրեանը մեր քաղաքը կը բնակի եղեր եւ ես լուր չունիմ: Եթէ պատահի, որ ան փորձանք մը բերէ Թուրքիոյ վարչապետին գլխուն, վա՜յ ինծի: Մեռած օրս է: Ես ի՞նչ ոստիկանապետ եմ, որ լուր չունիմ անոր այստեղ ներկայութենէն:

Ոտքի ելայ եւ գլուխս բարձր` յայտարարեցի.

– Ձեր դէմ կեցած ձեզի հետ խօսողը Սողոմոն Թեհլիրեանն է:

Ոստիկանապետը կարծես քարացած` ինծի կը նայէր, յետոյ ոտքի ելաւ, ձեռքը երկարեց ու մօտս գալով` վիզս փաթթուեցաւ, սկսաւ համբուրել զիս:

– Ես քեզ մինչեւ հիմա Մելիքեան անունով կը ճանչնայի, ինչո՞ւ ինձմէ գաղտնի կը պահիէր ինքնութիւնդ,- կ՛ըսէր: Յետոյ շեշտեց.

– Դուն պիտի չբանտարկուիս միւս հայերուն նման, այլ ազատ ես ու պիտի գաս ճիշդ այն ճամբուն բազմութեան առաջին շարքին, ուրկէ պիտի տեսնես թշնամիդ մօտէն: Սակայն խօսք տուր, որ… չար գործ պիտի չտեսնես:

Պատուոյ խօսք տուի:

Երբ յաջորդ օրը Ինէօնիւի թափօրը կ՛անցնէր, ես հոն էի, առաջին շարքին, ու տեսայ ոստիկանապետը, որ վիզը ծռած, ինծի կը նայէր: Ժպիտով բարեւեցի զինք, եւ ձեռքերս խաչաձեւեցի վստահութիւն ներշնչելու համար:

Յետոյ գացի հայերուն բանտարկուած տունը, ուր մեր հայրենակիցները այնքան ուրախացան` զիս տեսնելով:

Յաջորդ օրը, կրկին գացի ոստիկանապետին մօտ, որ ճակատս համբուրեց դարձեալ եւ ըսաւ.

– Ես յարգանք ունիմ հերոսներու հանդէպ: Դուն ազգիդ վրէժը լուծեցիր: Երանի՜ շատ Սողոմոններ գտնուէին մեր մէջ: Մենք ալ ժամանակին շատ տառապեցանք թուրքերուն լուծին տակ:

Երբ այս խօսքերը կ՛ըսէր, ուրախութիւն եւ ժպիտ կը փայլէին իր դէմքին վրայ:

Մինչեւ վերջ մենք իրարու բարեկամ մնացինք եւ բոլոր հայերս օգտուեցանք իր բարեացակամութենէն: Եւ երբ օր մը մնաս բարով ըսելու գացի, երկրէն մեկնելուս առիթով, դարձեալ գրկեց զիս եւ ճակատս համբուրեց թաց աչքերով:

Հ. ԳԻՆՈՅԵԱՆ

Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա

 

Հայկական Կեանք

Օժանդակութիւն
Կիպրահայ Գաղութին

Ֆիլատելֆիայէն (Ամերիկա) կը գրեն «Հայրենիք»-ի.-

Կիպրոսի հայ գաղութի ողբալի վիճակին առիթով կիլիկեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի եւ առաջնորդ Հրանդ սրբազանի կոչին ընթացք տալով` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատուարժան հոգաբարձութեան եւ Արսէն քհնյ. Յակոբեանին ջանքերով Ֆիլատելֆիոյ մէջ կազմուեցաւ Կիպրահայ օգնութեան յանձնախումբ մը, որ անմիջապէս գործի անցնելով` ձեռնարկած է հանգանակութեան:

Յանձնախումբը կոչ ուղղեց մեր գաղութին` խնդրելով իր սրտագին աջակցութիւնը այս առիթով:

Դիմում պիտի կատարուի ամէնուն անխտիր: Աւելորդ կը համարենք անդրադառնալ նպատակին վեհութեան եւ անմիջական կարիքի մասին, նկատելով, որ երկու կոչերով որոշ կերպով բացատրուած է այս անյետաձգելի գործին նպաստելու անհրաժեշտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )