«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պէյրութի Եւ Շրջակայքին Մէջ Զինուորական Բիրտ Գործողութիւններէ Ետք` Զինադուլի Աստիճանական Ամրապնդում

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Asbed_0910downtown

Պէյրութի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ

Լիբանանի արիւնալի տագնապին քաղաքական լուծման համար աշխատանքներ կը տարուէին, սակայն կռիւները կը շարունակուէին ամենասաստիկ կերպով եւ կը տարածուէին նոր շրջաններ:

Պէյրութի ներքին ճամբաները եւ բոլոր մուտքերը անգործածելի դարձած էին: Միայն Անթիլիասէն Տորա եւ Նահր հասնողները կրնային մտնել արեւելեան կողմի թաղերը:

Գիւղերուն մէջ եւս կարգ մը ճամբաներ վտանգաւոր էին ու անգործածելի, մինչ բանուկ պողոտաներուն վրայ կարելի էր հանդիպիլ զինեալներու եւ անցարգելներու, ուր առեւանգումներուն թիւը բազմապատկուած էր:

Հիւանդանոցներուն մէջ եւս իրարանցում ստեղծուած էր, իսկ դիակները կը մնային ճամբաներուն վրայ: Լիբանան դարձած էր ուրուական երկիր մը: Միջազգային օդակայանը կը մնար փակ, եւ արտասահմանի հետ հեռաձայնի դժուարութիւնները աւելի կը շեշտուէին:

Պէյրութի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ ծանր կռիւներ կը մղուէին: Ռիվոլիի, Սէյֆիի, Ամփիրի, Փեկալի եւ Տեպպասի կողմէն փաղանգաւորները դիրքեր գրաւած էին ու կը հարուածէին Մաարատէն, Ասսուրէն, Մար Իլիասէն եւ Խանտաք Ղամիքէն յարձակողներուն վրայ:

Պաղեստինցի եւ մուրապիթուն զինեալները կը փորձէին ճեղքել փաղանգաւոր-ազատական միլիսներու գօտին: Սակայն բոլոր յարձակումները ձախողեցան եւ բազմաթիւ յարձակողներ սպաննուեցան բոլոր ճակատներուն վրայ:

Թէլ Զաաթարի եւ Ճսըր Պաշայի շուրջ հաստատուած պաշարումը կը մնար անխախտ, իսկ Շիահ-Այն Ռըմմանէ ճակատին վրայ ծանր բախումներ կը մղուէին:

Կռիւներու ճակատներուն մօտ գտնուողները կը պայքարէին մահուան դէմ, իսկ անոնք, որ հեռու էին պատերազմական դաշտերէն, մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէին: Ուտեստեղէնի, ջուրի, ելեկտրականութեան ու մազութի պակասը ծանր կացութեան առջեւ դրած էր քաղաքացին: Ծախսելի դրամը, որ սկսած էր պակսիլ բոլորին մօտ ալ, աւելի ծանրացուցած էր կացութիւնը:

***

Տամուր

Տամուր

Տամուրի եւ Ժիէի անկումէն ետք, կռիւները կը շարունակուէին Սաատիյաթի շուրջ, ուր վերոյիշեալ երկու գիւղերուն բնակիչները ապաստան գտած էին: Հրթիռներ ու ռումբեր կ՛իյնային Սաատիյաթի մէջ, մինչ 8 հազարէ աւելի բնակիչներ, որոնք մնացած էին անձրեւներու տակ, կը սպասէին անցնիլ արեւելեան կողմը:

Չորեքշաբթի, 21 յունուար 1976-ին Տամուրի եւ Ժիէի բնակիչները նաւերով, առագաստանաւերով ու նաւակներով Պէյրութ, Ժունիէ եւ Քասլիք փոխադրուեցան: Տամուր-Խալտէ ճամբան գոց ըլլալով, անոնք միայն ծովէն կրնային փոխադրուիլ արեւելեան կողմի նաւահանգիստները: Անձրեւոտ օդը կ՛աւելցնէր փոխադրութեան դժուարութիւնները: Քասլիք, Ա.Թէ.Սէ.Էլ. ակումբին նաւահանգիստը հասնողները կը փոխադրուէին դէպի Ժունիէ, Ղազիր եւ Քեսրուանի գիւղերը:

Միւս կողմէ, Քարանթինայի, Մասլախի եւ Չարչափուքի բնակիչները անցան արեւմտեան Պէյրութ եւ գրաւեցին այն տուները, որոնք անբնակ էին: Սէն Սիմոնի եւ Սէն Միշէլի շալէները գրաւուեցան: Զինեալ տարրեր մտան Ուաթ-Ուաթ, Քանթարի եւ Սփիրզ փողոցները եւ տեղաւորուեցան պարպուած բնակարաններուն մէջ: Նոյնիսկ կահաւորուած շէնքեր գրաւուեցան բռնի ուժով:

 ***

Հինգշաբթի, 22 յունուար 1976-ին կռիւները շարունակուեցան բոլոր ճակատներուն վրայ: Պէյրութի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ մուրապիթուններն ու պաղեստինցիները յարձակում մը շղթայազերծելով փորձեցին նոր դիրքեր գրաւել, բայց լարուած թակարդներու մէջ ինկան եւ բազմաթիւ զոհեր տալով քաշուեցան:

Փաղանգաւորներու կեդրոնական ակումբին մօտ քսանէ աւելի հրթիռներ ինկան, մինչ Սըրսոք շուկային փլատակներուն առջեւէն զինեալներ կրակ բացին դէպի Ռիվոլի, Ռեժանթ պանդոկ եւ Ֆոշ պողոտայ, ուր փաղանգաւորները դիրքեր բռնած էին:

Մար Մըխայէլ եկեղեցիէն յարձակում մը կատարուեցաւ դէպի Հազմիէ եւ Հատէթ, բայց յարձակողները ետ մղուեցան:

***

Լիբանանի տագնապին լուծում մը գտնելու առաջադրանքով նախագահներ Սլէյման Ֆրենժիէ եւ Հաֆէզ Ասատ յունուար 20-ին հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցան, որմէ ետք սուրիացի երեք պատուիրակներ` արտաքին գործոց նախարար Ապտէլ Հալիմ Խատտամ, սպայակոյտի պետ զօրավար Հեքմաթ Շեհապի եւ օդուժի հրամանատար զօրավար Նաժի Ժեմիլ յունուար 21-ին Պէյրութ այցելեցին եւ այդ ու յաջորդող օրերուն հանդիպումներ ունեցան նախագահ Ֆրենժիէի ու այլ պատասխանատուներու եւ իսլամ ու քրիստոնեայ եւ պաղեստինցի ղեկավարներու հետ: Զինադուլի համաձայնութիւն մը գոյացաւ: Կազմուեցաւ զինուորական վերին մարմին մը լիբանանցի, սուրիացի եւ պաղեստինցի երկուքական անդամներով: Կազմուեցան զինուորական ենթայանձնախումբեր, որոնցմէ քսանը պիտի հսկէր մայրաքաղաքի եւ արուարձաններու խաղաղութեան: Արեւմտեան Պէյրութի ապահովութիւնը յանձնուեցաւ պաղեստինեան կազմակերպութիւններուն:

***

Փաղանգաւոր միլիսներ

Փաղանգաւոր միլիսներ

Երկրին մէջ զինադուլի հաստատման առիթով «Ազդակ», 23 յունուար 1976-ի թիւով եւ «Կարելի է դարմանել սխալը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.

«Ի՞նչ կ՛ընենք մե՛նք, երբ պետական ու հասարակական ամբողջ կառոյց մը փուլ գալէ ետք կը սկսի «վերաշինուիլ» ու նոր ձեւաւորում ստանալ:

Ի՞նչ կը մտածենք, երբ լիբանանեան հայրենիքը հիմնովին վերատեսութեան կ՛ենթարկուի, երբ միջհամայնքային գոյակցութեան տարազը կը սրբագրուի եւ երբ Ազգային Ուխտը դիմագիծ կը փոխէ…

Այո՛, ի՞նչ կ՛ընենք մենք, երբ ամէն բան գլխու պտոյտ պատճառող արագութեամբ կը շրջուի մեր շուրջ:

Որոշ է որ հարցադրումը չենք կատարեր միայն լիբանանեան-քաղաքացիական մտահոգութեամբ: Մանաւանդ որ մաս չենք կազմեր հակամարտ ա՛յն կողմերուն, որոնք այսօր հաշտութեան սեղան կը նստին «աւար-կարկանդակը» սուրով բաժնելու հոգեվիճակով: Նաեւ այն պատճառով, որ մեր պարագային Լիբանանի վերականգնումը եւ բնականոն կեանքի վերահաստատումը կը մնան ամէն բանէ վեր դասուող նպատակ, որուն ի սպաս դրած ենք մեր բոլոր կարելիութիւնները:

Բայց նաեւ պէտք չէ մոռնալ, որ լիբանանեան տագնապը վերածուած է ճակատագրական քննութեան մը, ուր հաւաքականութիւններ պէտք է տան ապացոյցը իրենց հզօրանքին, որպէսզի կարենան վճռական խօսք ունենալ վաղուան Լիբանանի կերտումին մէջ:

Ահա թէ ինչո՛ւ հարցադրումը կը կատարենք առաւելաբար ազգային մտահոգութեամբ, նախ` որովհետեւ մեր շուրջ կը փոխուի ուժերու հին դասաւորումը, եւ ապա` որովհետեւ մեզ շրջապատող հաւաքականութիւններէն շատեր կ՛ապրին ներքին ուժեղացման վարակիչ տարերքի մը մէջ:

Կարեւորը մեր ներքին ճակատին պարզած պատկերն է` Լիբանանի հայութեան կարելիութիւնները առաւելագոյն չափով արդիւնաւորելու մեր ՃԻԳԸ ու, վերջապէս, բախտորոշ տագնապներու դիմաց ուժականութեան նոր աղբիւրներ յայտնակերպելու մեր ԿԱՄՔԸ:

Այլեւս իրաւունք չունինք անտեսելու այն իրողութիւնը, որ ներքին ճակատին վրայ պարզուած մեր հաւաքական պատկերը շատ հեռու էր ու տակաւին հեռու կը մնայ իրապէ՛ս կազմակերպուած հաւաքականութեան մը գոյավիճակէն:

Ճի՛շդ է, մեր քաղաքական կազմակերպութիւններուն ներկայութիւնը բաւեց, որպէսզի արտաքին ճակատի վրայ այս ժողովուրդը չձգէ անտէր հաւաքականութիւն տպաւորութիւնը: Բայց յանուն գալիքին քաջ ու անկեղծ ըլլանք` հաստատելու համար որ թէ՛ իբրեւ անհատ եւ թէ իբրեւ հաւաքականութիւն Լիբանանի հայութիւնը առաւելագոյնս չարդիւնաւորեց իր կարելիութիւնները:

Փաստը ցոյց տուաւ, որ մարդկօրէն ու տնտեսապէս այնքա՜ն հարուստ կարելիութիւններ հաշուող այս գաղութը զուրկ է կազմակերպական ամուր ու ինքնագործ վարչամեքենայէ: Հաղորդակցութեան միջոցներու դժուարութիւնն ու երկրի ընդհանուր անապահովութիւնը բաւեցին, որպէսզի մեր ժողովուրդը կծկուի ու ինքնամփոփ վիճակի մը մէջ սպասէ իրմէ դուրս առնուող վճիռներու: Իսկ եթէ չըլլային մեր ակումբները եւ հայահոծ թաղերու ինքնապաշտպանութիւնը ստանձնող մեր տղաքը, այդ պարագային տառացիօրէն մենք փակուած պիտի ըլլայինք մեր բնակարաններուն մէջ` փողոցը ձգելով ուրիշներու կամքին:

Իննամսեայ տագնապը քննութենէ անցուց լիբանանեան համայնքներու սեփական ԿԱՄՔԸ, եւ անոնք, որ գիտցան անհատական ու ցիրուցան ուժերը կեդրոնացնել եւ քաղաքական կեդրոնաձիգ կազմակերպութեամբ մը ներկայանալ արտաքին ճակատին, միայն անոնք յաջողեցան վճռական խօսք ունենալ վաղուան Լիբանանի կերտումին մէջ:

Լիբանանի հայութիւնը ոչ միայն քաղաքացիական, այլեւ ազգային առումով պատճառներ ունէր եւ ունի՛, ներքին հզօրանք մը յայտնակերպող հաւաքականութեանց առաջին շարքերուն վրայ գտնուելու համար: Փաստը ցոյց տուաւ, որ անհրաժեշտ ՃԻԳԸ չենք թափած, ազգային մեր ԿԱՄՔԸ ուժեղացնելու համար: Ուշ չէ եւ տակաւին կարելի է դարմանել սխալը»:

***

Զինադուլի հաստատումէն ետք, զինուորական վերին մարմինի ներկայացուցիչները երկուշաբթի, 26 յունուար 1976-ին ժողով գումարեցին Պուրճ Համուտի Սարդարապատ ակումբին մէջ: Քննուեցան շրջանէն ներս զինադուլի գործադրութեան գործնական միջոցառումները: Զինուորական վերին մարմինը խնդրեց, որ ցնոր տնօրինութիւն հայ երիտասարդները շարունակեն հսկել Պուրճ Համուտի ապահովութեան:

Իսկ հինգշաբթի, 29 յունուարին զինուորական վերին մարմինի ներկայացուցիչները` հազարապետներ Անթուան Սաատ եւ Իպրահիմ Ուէյնի խնդրեցին Պուրճ Համուտի պատասխանատուներէն, որ հայ զինեալ պահակները քաշուին իրենց դիրքերէն ու վերադառնան իրենց կեդրոնները: Քսան վայրկեան ետք հրահանգը գործադրուած էր արդէն: Զինուորական վերին մարմինի ներկայացուցիչները այնուհետեւ քննեցին հայկական թաղամասերու մայր պողոտաներն ու ներքին ճամբաները եւ հիացմունքով արտայայտուեցան հայ ժողովուրդի կուռ կարգապահութեան մասին:

***

Զինադուլի հաստատումով, կը թուէր թէ Լիբանան շրջանցած է պատերազմի հանգրուանը եւ թեւակոխած վերականգնումի հանգրուանը: «Ազդակ», 31 յունուար 1976-ի թիւով եւ «Ի խնդիր հաւաքական վերականգնումի» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.

«Հիմա որ աւերուած հայրենիքը վերաշինելու երթը կը սկսի, լիբանանեան տագնապը կը մերկանայ բախումներու կարմիր պատմուճանէն եւ կը ներկայանայ իր բուն դիմագիծով:

Ճիշդ է որ, ապահովութեան դիտանկիւնէն, տագնապին սեւ էջը փակուելու վրայ է, բայց նաեւ պէտք չէ մոռնալ որ բնականոն կեանքի վերադարձին հետ կը բացուի ուրիշ էջ մը:

Վիրաւոր հայրենիքի մը թշուառութեան էջն է ատիկա: Երէկուան փարթամ շէնքերուն տեղ այսօր կը պարզուին աւերակ կամ այլանդակ կառոյցներ: Գրաւիչ ցուցափեղկերու երէկուան հարստութիւններուն փոխարէն, լիբանանցին այսօր կը տեսնէ ոտնահետքերը անոնց, որոնք քսաներորդ դարու վերջին քառորդին ցուցաբերեցին թալանի անհաւատալիօրէն ահաւոր մոլուցք մը:

Մահացու վէրքը դարմանելու հանգրուանը կը սկսի եւ ճիշդ այդ պատճառով տագնապը կը պարզէ ողբերգութեան բուն երեսը:

Երէկ, փամփուշտներու եւ հրթիռներու տարափին տակ ու ամէնօրեայ հացի փնտռտուքին մէջ, երբ սեփական անձը փրկելու անձկութեամբ կը տուայտէին մտքերը, կարելի էր միայն ենթադրել ահաւորութիւնը խաղաղութեան եւ անօթութեան: Իսկ այսօր, մղձաւանջէն սթափող մարդու մը նման, լիբանանցին դէմ յանդիման կը գտնուի կեանքին վերադառնալու դժուարին երթին հետ, երբ իր առջեւ կը պարզուին տնտեսական ու ընկերային շօշափելի դժուարութիւնները:

Տասը ամիսներու տագնապը բաւեց, որպէսզի տասնամեակներու ընթացքին քրտինք-արիւնով շահուած վաստակները մէկ օրէն միւսը փճանան: Իսկ ժողովուրդը միայն ինք գիտէ թէ որքա՜ն դժուար է անփութօրէն քանդուած ապագայ մը վերստին կերտել:

Այսուհանդերձ, որքան ալ դառն ըլլայ լիբանանցիներուն բաժին հանուած ողբերգութիւնը, կարելի չէ դանդաղիլ եւ անձնատուր ըլլալ ափսոսալու բնական մղումին, որովհետեւ ժամանակը տեղքայլ չի ճանչնար: Բացուած վէրքը դարմանելու համար անհրաժեշտ է շուտ շարժիլ եւ վերակառուցման պայքար մղել բոլոր ճակատներուն վրայ, այս անգամ առաջքը առնելով այն բոլոր ձգձգումներուն եւ անտեսումներուն, որոնք պարարտ հող դարձան Լիբանանը պայթեցնող դաւադիր ծրագիրներուն համար:

Հայրենիքը վերաշինելու այս ընդհանուր երթին բնականաբար պիտի լծուի նաեւ հայութիւնը, որուն համար տագնապը յաղթահարելու մարտահրաւէրը ստացած է կրկնակ նշանակութիւն: Մէկ կողմէ պէտք է կարենանք վերջակէտ մը դնել մեր ժողովուրդի շարքերուն մէջ դրսեւորուող քաղաքացիական դասալքութեան, գաղթական մարդոց յատուկ տուն ու տեղ լքելով հեռանալու հոգեբանութեան: Իսկ միւս կողմէ` պէտք է տանք ապացոյցը մեր հաւաքական ուժին, տագնապին հետեւանք տնտեսական-ընկերային դժուարութիւնները միասնաբար դիմագրաւելու մեր կարելիութեանց մէկտեղումով:

Ուստի, որպէսզի անցեալի մեր սխալները չկրկնենք եւ պատրաստ ըլլանք ապագայի անակնկալներու, պարտաւոր ենք նոյնքան կեդրոնացումով եւ կամքերու լարումով հետապնդել հայ կարօտեալներուն օգնութեան հասնելու գործը: Չենք կրնար բախումներու էջը փակուած սեպելով վերադառնալ ջայլամի քաղաքականութեան, մտածելով միայն սեփական մորթի փրկութեան մասին:

Փաստօրէն տագնապը կը մնայ, այնքան ատեն որ բոլորը պաշտպանուած չեն անոր ժխտական հետեւանքներուն դէմ: Այս գիտակցութեամբ պէտք է նայիլ կարօտեալներու օգնութեան գործին, որպէսզի հայ մարդը իր մէջէն վերջնականապէս արմատախիլ ընէ սեփական ճակատագրին ձգուած անտէր մարդու հոգեբանութիւնը:

Տակաւին պէտք է անդրադառնալ, որ հայ կարօտեալներու օգնութեան հասնելու աշխատանքը չի կրնար սահմանափակուիլ բարեսիրական մղումներով: Երբ ամբողջ տնտեսութիւն մը վերականգնելու ճիգը կը տարուի, իրերօգնութեան այդ գործը ստիպուած է քայլ պահել ընդհանուր երթին հետ եւ, աստիճանաբար, մեկնակէտը դառնալ ազգային մնայուն գործունէութեան մը` մեր ժողովուրդի տնտեսական կեանքին մէջ:

Եթէ լիբանանեան հորիզոնը վերջնականապէս պայծառանայ, այժմու կարօտեալներուն անձուկ վիճակը քանի մը ամիսէն պարզ յիշատակ կրնայ դառնալ: Ազգային մեր շահերուն դիտանկիւնէն, այսօր, կարեւորը ա՛յն է, որ հանրանուէր այս գործունէութիւնը ըմբռնուի իր ամէնէն լայն իմաստով, որպէսզի դառնայ մեր անհատական կարելիութիւնները հաւաքական արդիւնաւորումի առաջնորդող տնտեսական մնայուն քաղաքականութիւն:

Լիբանանեան տագնապը մտած է լուծումի իր փուլին մէջ ու երէկուան հրատապ հարցերը կրնան աստիճանաբար կորսնցնել իրենց ստիպողական բնոյթը: Հանրային կեանքի մեր պատասխանատուները պարտաւոր են չլքել երէկուան կարիքներուն ընդառաջելու եւ զանոնք կանխելու իրենց դիրքերը, որպէսզի հայութիւնը իսկապէս ուժական կառոյցով օժտէ իր հաւաքական դիմադրականութիւնը եւ կարենայ տոկալ անակնկալ բոլոր տագնապներուն»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )