Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ամերիկեան Համալսարանին Հետ Կապերու Ընդլայնումը
Օգտակար Է Արցախի Համար. ԼՂՀ Նախագահ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 3 սեպտեմբերին ընդունած է Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի (ՀԱՀ) նախագահ Արմէն Տէր Կիւրեղեանն ու փոխնախագահ Աշոտ Ղազարեանը: Նախագահ Սահակեան շնորհաւորած է Արմէն Տէր Կիւրեղեանը` ամերիկեան համալսարանի նախագահի պաշտօնին նշանակուելուն համար, յոյս յայտնելով, որ ան պիտի շարունակէ հաստատութիւնը զարգացնելու եւ Արցախի հետ կապերը խորացնելու քաղաքականութիւնը, աւելցնելով, որ ատիկա Արցախի համար պահանջուած է ու օգտակար:
Հերմեսը Ներկայացուցած Է Հայկական Տառերով Թիկնոց`
Lettres D’erévan
Սեպտեմբեր 1-ին SFPA բարեսիրական կազմակերպութեան հիմնադրութեան 25-րդ տարեդարձին առիթով Հերմես նորաձեւութեան տան տնօրէն Փիեռ Ալեքսիս Տիւման «Պետրոսեան» ճաշարանին մէջ ներկայացուցած է նոր Carré (քառակուսի) թիկնոցները` Lettres d’Erévan (Երեւանի տառերը):
Թիկնոցները կարած է Կարէն Պետրոսեանը` ի պատիւ Մեսրոպ Մաշտոցի: Նշենք, որ թիկնոցները շատ սահմանափակ քանակութեամբ են, եւ անոնցմէ գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի SFPA ընկերութեան հայաստանեան գրասենեակին:
Հերմես նորաձեւութեան տունը արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով կ՛աջակցի այս բարեսիրական ընկերութեան. տասը տարի առաջ անիկա ստեղծագործած էր Les Jardins d’Arménie (Հայաստանի այգիները) անուամբ վզնոցներ:
«Ես հիացած եմ այս` հազարաւոր փորձութիւններէ անցած ազգին աշխատունակութեամբ ու աշխատասիրութեամբ», յայտնած է Փիեռ Ալեքսիս Տիւման:
Թիկնոցները պիտի սկսին վաճառուելու ապրիլ 2015-ին եւ անոնց արժէքը պիտի ըլլայ 330 եւրօ:
Քուէյթի Ներդրումով` Նար Դոսի Անուան Դպրոցին Մէջ
Համակարգչային Սենեակ
Երեւանի Նար Դոսի անուան թիւ 14 հիմնական դպրոցին մէջ աշակերտները այսուհետեւ տեղեկատուութեան-արհեստագիտութեան նիւթը կրնան սորվիլ ժամանակակից սարքաւորումներով օժտուած դասարանին մէջ, որ իրականութիւն դարծած է Քուէյթի պետութեան տրամադրած նիւթական աջակցութեամբ: Դասարանի բացման ներկայ էին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, Հայաստանի մէջ Քուէյթի դեսպան Պասսամ Մոհամետ Քապանտին, Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայեանէ Սողոմոնեանը: Հիւրերուն համար գեղարուեստական յայտագիր պատրաստուած էր դպրոցի աշակերտներուն կողմէ, որոնք ասմունքեցին հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով:
Նուիրուած են` 6 համակարգիչ, 1 ելեկտրոնային գրատախտակ, 3 նոթպուք, պատկերասփիւռ, տեսագրիչ:
Այս ուսումնական տարիէն սկսեալ Նար Դոսի անուան թիւ 14 դպրոցին մէջ նաեւ պիտի հետեւին արաբերէնի, քանի որ հոն կան 65 սուրիահայ երեխաներ: Նախապէս այդ դպրոցին մէջ կը գործէր Կիլիկեան վարժարանը, ուր կ՛ուսանէին շուրջ 350 սուրիահայ աշակերտներ: Քուէյթի պետութիւնը ցարդ 200 հազար տոլարի աջակցութիւն տրամադրած է սուրիահայութեան կարիքներուն համար:
Եզիտիներուն Նուիրուած Համերգ
Ազգային ժողովի պարտէզին մէջ 4 սեպտեմբերին կայացաւ «Դադարեցրէք եզիտիների կոտորածը» խորագիրով համերգը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ երգի անդրանիկ ներկայացումը: «Շանգալ» անունով երգը նուիրուած է այս օրերուն Իրաքի մէջ կոտորածի ենթարկուող եզիտիներուն եւ միաժամանակ ահազանգ է աշխարհին, որ չդատապարտուած որեւէ ոճրագործութիւն միշտ կը կրկնուի:
Շանգալը հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող եզիտիաբնակ այն տարածքն է, ուր ծայրայեղ իսլամները դաժանաբար կը սպաննեն եզիտիները: Եզիտի երգիչ Ճահանկիր Բրոյեանը այս երգը գրած է մէկ օրուան ընթացքին` տպաւորուած այն տեսարաններով եւ լուսանկարներով, որոնք փոխանցուած են Իրաքէն:
«Այս երգին միջոցով մենք մեր ձայնը կը բարձրացնենք ի լուր աշխարհին, որպէսզի օգնութեան հասնին եզիտիներուն եւ փրկեն ցեղասպանութենէ», յայտարարած է Բրոյեան:
Երգի ճամբով ան կը յայտարարէ, որ ցաւ ունի, սակայն աշխարհին մէջ ոչ ոք անոր ուշադրութիւն կը դարձնէ: Ճահանկիր երգը կատարեց Արթօ Թունճպոյաճեանին հետ:
Եզիտի ժողովուրդին կոտորածը անտարբեր չէր ձգած նաեւ հայ ռոք երաժիշտները, որոնք Ազգային ժողովի պարտէզին մէջ Ճահանկիր Բրոյեանին եւ Արթօ Թունճպոյաճեանին հետ «Դադարեցրէք եզիտիների կոտորածը» խորագիրով ռոք համերգին ընդմէջէն իրենց ձայնը բարձրացուցին:
Նշենք, որ 11 սեպտեմբերին, ժամը 20:00-ին այս առիթով տեղի պիտի ունենայ ջահերով երթ` Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն Ծիծեռնակաբերդ:
«Գաֆէսճեան» Կեդրոնին Մէջ` Կոմիտասի 145-Ամեակին
Եւ Հայաստանի Վերանկախացման Նուիրուած Համերգներ
«Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոն»-ին մէջ այս ամսուան նախաձեռնութիւնները ընթացք առին 4 սեպտեմբերին: «Գաֆէսճեան» դասական երաժշտութեան համերգաշարի ծիրին մէջ ելոյթ պիտի ունենան «Էտեն Սթել» կիթառի դասական զուգանուագողները` Մարք Էտեն եւ Քրիստոֆըր Սթել (Բրիտանիա):
Սեպտեմբեր 10-ին դաշնակահարուհի Լիլիթ Արտեմեան պիտի ներկայացնէ դաշնամուրային երաժշտութեան գոհարներ:
«Երաժշտութեան կասկադ» շարքի ծիրին մէջ 11 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ համերգ` նուիրուած Կոմիտասի 145-ամեակին: Համերգին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան Կիւրճիեւի անուան համոյթը (Լեւոն Իսկենեան` գեղարուեստական ղեկավար, դաշնամուրային եւ վոքալ-դաշնամուրային ստեղծագործութիւններէն գործիքաւորում ժողովրդական նուագարաններու համար):
Սեպտեմբեր 13-ին «Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոն»-ին մէջ ելոյթ պիտի ունենան «Ջիւան եւ Պենտ»-ը (Ջիւան Գասպարեան կրտսեր` տուտուկ, Արսէն Թովմասեան` ստեղնաշար, Գագիկ Գագաս Խոդաւիրդի` ելեկտրոնային կիթառ, Արիկ Բաբայեան` պաս կիթառ, Գէորգ Չարչեան` հարուածային գործիքներ):
Սեպտեմբեր 17-ին արուեստի կեդրոնին մէջ պիտի կայանայ Հայաստանի անկախութեան տօնին նուիրուած համերգ: Դասական երաժշտութեան համերգաշարին ընթացքին դաշնակահարուհի Մարգարիտ Սարգսեանն ու սոփրանօ Աննա Պօղոսեանը հանդէս պիտի գան սիրուած մեղեդիներով:
Սեպտեմբեր 24-ին պիտի կայանայ վոքալ-երաժշտութեան համերգ` «Կադենցա» մենակատարներու համոյթին մասնակցութեամբ:
Սեպտեմբեր 26-ին «Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոն»-ը կը հրաւիրէ բոլորը` հայկական աւանդական պարերու ուսուցման` «Կարին» համոյթին մասնակցութեամբ:
Սեպտեմբեր 27-ին կեդրոնին մէջ պիտի հնչէ ճազ երաժշտութիւն` Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբին կատարմամբ (Արմէն Հիւսնունցի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ):
Բնակարանաշինական Կամաւոր Աշխատանք
Սահմանամերձ Երուանդաշատի Մէջ
Սահմանամերձ Երուանդաշատ գիւղին մէջ բնակարանաշինական աշխատանքներ տանելու եւ հոն ապրող ընտանիքներուն երդիք տրամադրելու նպատակով համագործակցութիւն հաստատուած է «Վիվասէլ-Էմ.Թի.Էս.»-ին, Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ին եւ Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան գտնուող «Կլոպըլ պիլտըրզ» կամաւորներու խումբին միջեւ:
Գիւղացիները երախտագիտութիւն յայտնած են այս նախաձեռնութեան եւ կամաւոր աշխատանքին համար, որովհետեւ ատիկա մտածել կու տայ եւ կը զգացնէ, թէ հակառակ դժուարութիւններուն, սահմանին վրայ գոյատեւող ու ապրող գիւղացին առանձին չէ:
Տարիներ առաջ գիւղացիները արդէն անձնական նախաձեռնութեամբ սկսած էին տուներ կառուցել, սակայն ընկերային-տնտեսական դժուար կացութիւնը պատճառ դարձած է, որ գործը յետաձգուի, կանգ առնէ:
«Բառերով չեմ կրնար նկարագրել այն երջանկութիւնը, զոր կը զգամ այսօր. այնքա՜ն երկար սպասած ենք այս օրուան, այնքա՜ն շատ աշխատած ենք, քարը քարին դրած ենք տուն ունենալու երազով: Բայց հակառակ մեր փափաքին եւ ջանքերուն` չենք կրցած աւարտին հասցնել անձնական մեր տուները», ըսած է Գոհար Ղազարեան` ստանձնելով իր նոր բնակարանը: Ան իր խոր շնորհակալութիւնը յայտնած է բոլոր կամաւորներուն եւ նման գաղափար յղացողներուն:
«Այստեղ իւրաքանչիւր քար դրուած է սիրով: Այդ սիրոյ մէջ կայ նաեւ լուսաւոր ապագայի հաւատք: Կարեւոր է, որ սահմանին վրայ ապրող գիւղացին զգայ, որ ինք մինակ չէ իր հոգերով, եւ որ տարբեր կազմակերպութիւններ ներկայացնող մարդիկ համախմբուած են, որպէսզի այս ընտանիքները իրենք զիրենք ամուր զգան իրենց հողին վրայ: Այդ զգացումը նոր յաջողութեան հասնելու երաշխիք է», ըսած է «Վիվասէլ-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
«Հայուն համար տունը սոսկ բնակարան չէ: Տունը հոգին է ընտանիքին, ապահով ապագայի երաշխիքն ու արժանապատիւ կեանքի անկիւնաքարը: «Վիվասէլ-Էմ.Թի.Էս.»ի ֆինանսաւորմամբ Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ իրականացուող ծրագիրը նպատակ ունի ստեղծել բարեկարգ ու յարմարաւէտ պայմաններ իւրաքանչիւր ընտանիքի համար` կարելիութիւն ստեղծելով աշխատիլ, արարել սեփական հողին վրայ, սիրել տունը, հոն ունենալ երջանիկ ապագայի երաշխիքը», նշած է «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի նախագահ Աշոտ Եղիազարեանը:
Նշենք, որ սահմանամերձ գիւղերուն մէջ բնակարանաշինութեան ծրագիրին համար «Վիվասէլ-Էմ.Թի.Էս.»-ը ցարդ կատարած է 55 միլիոն դրամի ներդրում, իսկ Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ը ստանձնած է անոր իրականացումը: Այս համագործակցութեան շնորհիւ սահմանամերձ գիւղերու 25 ընտանիքներ մինչեւ տարեվերջ պիտի ունենան իրենց տան մէջ ապրելու երջանկութիւն:
Թագուհի Արզումանեան Կը Պարգեւատրուի
Սեպտեմբեր 4-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարը ընդունեց ամերիկաբնակ ասմունքող, լրագրող, հանդիսավար, «Լարք» երաժշտանոցի տնօրէն Թագուհի Արզումանեանը:
Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ դերասանուհի, ժողովրդական արուեստագէտ Վարդուհի Վարդերեսեանը:
Նախարարը յայտնեց, որ Թագուհի Արզումանեան ինքզինք նուիրած է հայապահպանութեան, մայրենի լեզուի, ազգային մշակոյթի պահպանման, հայակերտման սրբազան գործին: Ապա ան Թագուհի Արզումանեանը պարգեւատրեց նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով:
Ողջունելի Են Հայրենիքի Մէջ Գործադրուող
Բարեսիրական Նախաձեռնութիւնները
Սեպտեմբեր 2-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունած է ամերիկահայ բարերար, Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա համայնքի Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեաններու անուան աւագ դպրոցի հիմնադիր Էդուարդ Աւետիսեանն ու անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նախարար Յակոբեան կարեւոր նկատած է հայրենիքին մէջ կատարուած եւ անոր ապագային վերաբերող Աւետիսեանի բարեսիրական նախաձեռնութիւնները: Էդուարդ Աւետիսեան հիմնադրած եւ 15 տարիէ ի վեր կը հովանաւորէ Մալաթիա-Սեբաստիա համայնքին մէջ գործող Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեաններու անուան աւագ դպրոցը:
«Ուրախ եմ, որ հոկտեմբերի 8-ին տեղի կ՛ունենայ «Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոց եւ համայնքային կենտրոն» կրթօճախի հինգ մասնաշէնք ունեցող համալիրի հանդիսաւոր բացումը», ըսած է նախարարը` աւելցնելով. «Ձեր բարերարութեամբ 2008թ. շահագործման է յանձնուել նաեւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նորակառոյց «Փարամազ Աւետիսեան» մասնաշէնքը, որտեղ այսօր գործում են Պիզնըսի հետազօտութեան եւ զարգացման «Փոլ Աւետիսեան» եւ Առողջութեան պահպանման գիտահետազօտական կենտրոնները»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով սփիւռքի նախարարին ջերմ ընդունելութեան, մնայուն հոգածութեան եւ աջակցութեան համար` Էդուարդ Աւետիսեանը նախարարը հրաւիրած է հոկտեմբեր 8-ին կայանալիք Մալաթիա-Սեբաստիա համայնքի կրթօճախի հինգ մասնաշէնք ունեցող համալիրի հանդիսաւոր բացման: «Մենք շատ շնորհակալ կ՛ըլլանք, եթէ ձեր այցելութեամբ պատուէք մեզ եւ աշակերտական-ուսուցչական կազմին քանի մը օգտակար խորհուրդներ տաք», ըսած է Է. Աւետիսեան:
Քննարկուած են նաեւ սփիւռքի մէջ հայկական դպրոցներուն դիմագրաւած խնդիրները: Նախարար Յակոբեան դիտել տուած է. «Սփիւռքում գործող հայկական դպրոցները 3 խնդիր պէտք է լուծեն, նախ` երեխաներին կրթելը, ապա նաեւ` համայնքային կեանքին ծառայելը եւ մշակութային կենտրոնի վերածուելով` հայ մշակութային կեանքը տեղում զարգացնելը»: