Սամիր Նասրի. «Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Չելսի Մեր Գլխաւոր Մրցակիցներն Են»

Սամիր Նասրի

Սամիր Նասրի

Անգլիական «Տը Միրըր» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի ֆրանսացի մարզիկ Սամիր Նասրի հաստատեց, որ այս տարուան ախոյեանութեան ընթացքին, Սիթիի հետ մրցող եւ բաժակին համար պայքարող երկու ակումբները պիտի ըլլան Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Չելսի:

Ան նաեւ խօսեցաւ Լիվըրփուլի մասին եւ շեշտեց, որ իրենց համար այս տարի շատ դժուար պիտի ըլլայ, որովհետեւ անոնք կորսնցուցին իրենց լաւագոյն մարզիկը` Սուարեզը ինչպէս նաեւ անոնք այս տարեշրջանին պիտի մրցին նաեւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ին մէջ, որմէ բացակայ էին տարիներէ ի վեր:

 

Share this Article
CATEGORIES