Իտալիոյ Ախոյեանութեան Վարձատրութիւնները

Տանիելլէ տը Ռոսսի Ռաֆայէլ Պենիթեզ
Իտալիոյ ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի ամէնէն բարձր վարձատրուող մարզիկը կը մնայ մայրաքաղաքի` Ռոմա ակումբի իտալացի միջնապահ Տանիելլէ Տը Ռոսսին:
31-ամեայ ֆութպոլիստը կը ստանայ տարեկան 6.5 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Նափոլիի յառաջապահ արժանթինցի Կոնզալօ Հիկուանը, որ կը ստանայ տարեկան 5.5 միլիոն եւրօ, իսկ երրորդ դիրքին վրայ է Եուվենթուսի յառաջապահ Քարլօս Թեւեզը, որ իր կարգին կը ստանայ տարեկան 4.5 միլիոն եւրօ:
Ինչ կը վերաբերի մարզիչներուն, Նափոլիի մարզիչ սպանացի Ռաֆայէլ Պենիթեզ իր ակումբին կողմէ կը ստանայ տարեկան ամէնէն բարձր վարձատրութիւնը, որն է 3.5 միլիոն եւրօ: Երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Ինթերի մարզիչ Ուըլթըր Մացցարին, որ կը ստանայ 2.8 միլիոն եւրօ, իսկ եռեակը կ՛ամբողջացնէ Եուվենթուսի մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալեկրին, որ իր կարգին կը ստանայ 2.4 միլիոն եւրօ: Միւս կողմէ ամէնէն քիչ ամսականը կը ստանայ Էմփոլիի մարզիչ Մաուրիցիօ Սարին` տարեկան 300,000 եւրօ:

