ՓԵՆԹԱԿՈՆԻ 24 ՀԱԶԱՐ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ ԳՈՂՑՈՒԱԾ Է

«Էխօ Մոսքվի» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է, որ իր համակարգչային ցանցին դէմ լայնածաւալ յարձակումին պատճառով յանցագործները հազարաւոր փաստաթուղթեր գողցած են:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Ուիլիըմ Լինն յայտարարած է, որ Փենթակոնի համակարգչային ցանցին դէմ յարձակումը կազմակերպած են օտարերկրեայ իշխանութիւններ, սակայն երկրի մը անունը չէ նշած:

Ըստ անոր, այս տարուան մարտին Փենթակոնի համակարգիչի ցանցին դէմ յարձակումներու պատճառով 24 հազար փաստաթուղթ գողցուած է:

Ամերիկացի պաշտօնատարը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ անհանգստացած են ահաբեկչական խմբաւորումներու եւ «իզկոյ» երկիրներու կողմէ կազմակերպուող համացանցային յարձակումներով, որովհետեւ այդ յարձակումներուն ղեկավարները յստակ կը գնահատեն Միացեալ Նահանգներու զինուորական զօրութիւնը եւ չեն համարձակիր դէմ առ դէմ ճակատումի դիմելու: Իսկ այն իրողութիւնը, որ ահաբեկիչները կրնան գաղտնի տուեալներու տիրանալ, կրնայ ամէնէն լուրջ եւ անկանխատեսելի հետեւանքները ունենալ:

Նշենք, որ նախապէս Փենթակոն համացանցային յարձակումներ կատարելու համար բազմաթիւ անգամներ ռուս եւ չինացի համակարգչահէնները մեղադրած է:

 

Share this Article
CATEGORIES