ԲՈՒՌՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ` ՔԱԿ-Ի ԵՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԻՋԵՒ
Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Տիգրանակերտ նահանգին մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) եւ թրքական բանակին միջեւ տեղի ունեցած կատաղի բախումներուն պատճառով թրքական բանակի շարքերուն մէջ արձանագրուած է 13 զոհ եւ 7 վիրաւոր: Բախումները տեղի ունեցած են Սիլվան շրջանին մէջ:
Թրքական ուժերը փորձած են 20-30 քիւրտ զինեալներ ծուղակը ձգել, սակայն իրենք յայտնուած են թակարդի մէջ: Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, բախումներուն պատճառով ՔԱԿ-ի 7 զինեալներ սպաննուած են: Թրքական ուժերուն օժանդակած է նաեւ օդուժը:
Անանուն աղբիւր մը քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութեան հետ կապ հաստատելով հերքեց այն լուրը, թէ 7 քիւրտ զինեալ սպաննուած է` նշելով, որ ՔԱԿ-ի զոհերուն թիւը միայն երկու է: Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ 13 թուրք զինուորները սպաննուած են թրքական ռմբաձիգներու կողմէ կատարուած ռմբակոծումին պատճառով: