Մայքըլ Շումախըր Վերադարձաւ Տուն

Մայքըլ Շումախըր
Երէկ երեկոյեան Կրենոպլի հիւանդանոցէն դուրս եկաւ եւ տուն վերադարձաւ աշխարհի «Ֆորմիւլա 1»-ի նախկին ախոյեան գերմանացի Մայքըլ Շումախըր:
Այս լուրը հաստատեց Շումախըրի ընտանիքը` ըսելով, որ այս քայլը չի նշանակեր, թէ Մայքըլի ապաքինումը հասած է իր աւարտին, սակայն դրական փոփոխութիւններ կան, եւ ընտանիքը խնդրեց լրատուական միջոցներէն զգուշ ըլլալ այս նիւթը հաղորդելու պարագային:
Յիշեցնենք, որ Շումախըր 29 դեկտեմբեր 2013-ին, Ֆրանսայի Մերիպել շրջանին մէջ գլխու զօրաւոր հարուած մը ստացած էր ջմշկելու ընթացքին եւ երկար ժամանակ մնացած էր մահաքունի մէջ:
CATEGORIES Մարզական

