Պլաթըր Կ՛առաջարկէ Կրկնապատկերի Համակարգը

Սեփ Պլաթըր

Սեփ Պլաթըր

Անգլիական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահ զուիցերիացի Սեփ Պլաթըր յայտարարեց, որ ան կը ցանկայ մօտիկ ապագային ֆութպոլի խաղերու ընթացքին կիրարկել կրկնապատկերի դրութիւնը, որ արդէն իսկ կը գործածուի թենիսի, վոլիպոլի եւ ամերիկեան ֆութպոլի մէջ:

Ան այս համակարգը կոչեց «Չալընճ» եւ աւելցուց, որ խումբերու մարզիչները կարելիութիւնը պիտի ունենան մէկ կամ երկու անգամով բողոքելու իրաւարարին որոշումներուն դէմ, սակայն այս մէկը պիտի պատահի միայն դադարներուն ընթացքին:

Այս համակարգը յաջողցնելու համար պէտք է նախ խաղը պատկերասփիւռէն ուղիղ սփռուող խաղ մը ըլլայ եւ  յատուկ միջոցներ պատրաստուին, որպէսզի իրաւարարը եւ մարզիչները վերստին տեսնեն պատահածը:

Ան իր խօսքի աւարտին առաջարկեց այս համակարգը սկսիլ յաջորդ տարի տեղի ունենալիք երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին, որ պիտի կազմակերպուի Նոր Զելանտայի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES