Հոճսըն. «Յաղթեցինք Խմբակի Մեր Հիմնական Մրցակիցին»

Ռոյ Հոճսըն
Goal.com կայքը կը հաղորդէ, որ Անգլիոյ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռոյ Հոճսըն գոհ է Անգլիոյ տարած արդիւնքէն, երբ վերջինս 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Զուիցերիան:
Ան շեշտեց, որ իր ֆութպոլիստները շատ լաւ խաղաոճ ցուցաբերած են, եւ խաղին սկիզբէն արդէն խաղցան այնպէս, ինչպէս ծրագրուած էր նախքան դաշտ ներկայանալը: Իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ, որ կարգ մը թերութիւններ կան խումբին մէջ, սակայն իր կարծիքով, անոնք ժամանակի ընթացքին լուծուելիք հարցեր են:
CATEGORIES Մարզական

