Մեսսի, Ինիեսթա Եւ Վերմայլըն Վերսկսան Փորձերու Մասնակցիլ
Սպանական Պարսելոնա ակումբի մարզիկներ Լիոնել Մեսսի, Անտրես Ինիեսթա եւ Թոմաս Վերմայլըն վերսկսան ընդհանուր կազմին հետ փորձերու մասնակցիլ:
Երեք մարզիկներն ալ ամենայն հաւանականութեամբ 13 սեպտեմբերին պիտի կարենան մասնակցիլ «Լա Լիկա»-ի 3-րդ հանգրուանի խաղին, երբ Պարսելոնա պիտի մրցի Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ:
Յիշեցնենք, որ պելճիքացի Վերմայլըն կ՛ապաքինէր ազդրի, Մեսսի` ծունկի, իսկ Ինիեսթա` աճուկի վնասուածքներէ:
CATEGORIES Մարզական

