Ամերիկացի Պասքեթպոլիստի Ծիծաղելի Խոստովանութիւնը

Տամարքուս Քազընզ
Միացեալ Նահանգներու հաւաքականի մարզիկ Տամարքուս Քազընզ խոստովանեցաւ, որ չէր գիտեր, թէ աշխարհի քարտէսին վրայ ո՛ւր կը գտնուի Սլովենիա երկիրը:
Ան այս խոստովանութիւնը կատարեց պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի Միացեալ Նահանգներ – Սլովենիա խաղի նախօրեակին:
Ան ինքզինք արդարացուց հարցազրոյցը վարողին հարցնելով, եթէ ինք գիտէ՞ր, թէ Ալապաման ո՛ւր կը գտնուի:
Խօսելով խաղին մասին` ան շեշտեց, թէ սլովենիացի խաղցողները բաւական կարծր խաղաձեւ ունին, բայց հասակի տարբերութիւնները մասնաւոր նշանակութիւն մը չունին իր կարծիքով:
Ան ըսաւ նաեւ, որ երկու խումբերն ալ տարբեր խաղաոճ ունին եւ յոյսով է, որ իրենց կիրարկած խաղաոճով կը յաղթեն այս խաղին:
CATEGORIES Մարզական

