Լեզուական Նշմար. Մաքուր Պահենք Մայրենին

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը ներկայիս օրակարգի վրայ է: Այս կապակցութեամբ յօդուածներ լոյս կը տեսնեն, սրտցաւ արտայայտութիւններ կը կարդանք, կը լսենք: Լուծումներու մասին ալ կը մտածենք, լեզուն անաղարտ պահելու ճիգեր ալ կան: Հայերէնագէտ բԺիշկ Արմենակ Եղիայեան պարբերաբար կ՛անդրադառնայ այս թեմային «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ: Ան կը մատնանշէ թերիներ, սխալներ, որպէսզի մամուլի լեզուն ընդունելի ըլլայ:

«Վանայ ձայն» ունի շաբաթական քանի մը ժամ, որուն ընթացքին կ՛անդրադառնայ հայերէնին մէջ մուտք գործած օտար բառերու, մասնաւորաբար` թրքերէն եւ արաբերէն բառերու: Այս յայտագիրները կը պատրաստէ Արմէն Ապտալեան` ներկայացնելով արեւմտահայերէնի հարստութիւնը, մեր բառամթերքին ճոխութիւնը եւ կ՛առաջարկէ օգտագործել մեր բազմաթիւ հոմանիշները նոյնիսկ մէկ բառի պարագային, մոռնալով օտար բառերը: Ինչո՞ւ դիմենք ուրիշի լեզուին, երբ մենք ունինք մեր սեփականը:

Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան պարագային, կը մէջբերենք ընթերցանութեան պակասը. «Մեր զաւակները գիրք չեն կարդար», կ՛ըսենք, ապա կը նախանձինք օտարներուն գիրք կարդալու ջանասիրութեան: Կը լսենք ու կը տեսնենք, լսատեսողական մետիայի միջոցով, նոր լոյս տեսած գիրքերու ներկայացումը: Մենք ալ Լիբանանի մէջ ունինք լսատեսողական առիթներ, թէկուզ` համեստ, երբ կրնանք նոր լոյս տեսած գիրքեր ներկայացնել ընթերցանութիւնը խրախուսելու համար: Կը կարծենք, որ այս միջոցառումն ալ օգտակար կրնայ ըլլալ ընթերցանութիւնը յառաջ մղելու: Լիբանանահայ մեր մամուլը յաճախ  գրախօսականներով կը ներկայացնէ նոր լոյս տեսած գիրքերը: Խոստովանինք, որ լսատեսողական միջոցը աւելի ձեռնտու է այս պարագային:

Յիշենք, որ մեր ձայնասփիւռները ունին շաբաթական գրականութեան պահեր, ուր միայն դասական պատմուածքներ կը ներկայացնեն, ինչ որ բաւարար չէ: Որքան լաւ պիտի ըլլար հանրութեան ծանօթացնել նոր լոյս տեսած գիրքը, հեղինակը, հրատարակիչը, մեկենասը, եւ այլն:

* * *

Երկու խօսք ալ` սպաննել բառին մասին:

Մինչեւ հիմա ճիշդ իմաստը չի տրուիր սպաննել բառին: Երբ մարդ մը անձ մը կը սպաննէ, ոճիր կը գործէ: Կ՛ըսենք` սպաննեց: Երբ օդանաւային արկած մը կամ երկրաշարժ պատահի, մահացողները սպաննուած չեն նկատուիր, այլ պարզապէս կը մահանան: Մեր խմբագիրները եւ լսատեսողական յայտագիրներուն հաղորդավարները պէտք է նկատի առնեն այս լեզուական տարբերութիւնը:

Կը խնդրենք, որ մեր նկատողութիւնները ընկալուին իբրեւ մեր մայրենին մաքուր պահելու մտահոգութիւն եւ սրբագրում:

 

 

Share this Article
CATEGORIES