«Քրիստոնէական Հաւատքը Մեր Կեանքին Եւ Ազգին Հզօրութեան Հիմքն Է» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ուաշինկթընի Մէջ

0907_ARAMԱրամ Ա. կաթողիկոս, կիրակի, 7 սեպտեմբերին նախագահեց Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագին: Պատարագին ընթացքին վեհափառը պատգամ ուղղեց ներկայ ժողովուրդին: Առաջին հերթին ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ` շրջապատուած մեր ժողովուրդի զաւակներով: Վեհափառը յիշեց, որ իր ուսանողութեան օրերուն յաճախակի կերպով այցելած է այս եկեղեցին եւ իր խօսքը ուղղած` ժողովուրդին: Ան նաեւ ողջունեց Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանը եւ Ազգային իշխանութիւնը, որոնք նուիրումով լծուած են ազգային-եկեղեցական ծառայութեան:

Ապա հայրապետը յիշեց, որ Ուաշինկթըն իր այցելութեան նպատակը մասնակցիլ եւ իր խօսքը ուղղել է Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան առնչուած միջազգային համագումարին:

0907_ARAM2Կաթողիկոսը իր պատգամին գլխաւոր նիւթը ընտրած էր «Հաւատքը»` որպէս հիմքը քրիստոնէական կեանքին: Ան ըսաւ, որ Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին յաճախակի կերպով անդրադարձած է մարդկային կեանքին մէջ հաւատքի կենսական կարեւորութեան: Քրիստոսի ուսուցումներուն ու հրաշքներուն մէջ, հաւատքը առանցքային ներկայութիւն է: Ապա վեհափառը բացատրեց հաւատքին իմաստը: Ան ըսաւ, որ մարդը անկատար արարած է, իրմէ վեր ու հզօր ուժի մը հաւատալը բնական մղում մըն է մարդու կեանքին մէջ: «Հին դարերէն սկսեալ մարդը հաւատացած է բնութեան ուժերուն եւ ստեղծած` իր չաստուածները: Քրիստոս եկաւ ամբողջութեամբ շրջելու հաւատքին իմաստը, առարկան ու նպատակը: Քրիստոս ըսաւ. «Ես եմ կեանքը, ճամբան ու ճշմարտութիւնը, հետեւաբար ան, որ ինծի կը հաւատայ, պէտք է ետեւէս գայ»: Արդ, քրիստոնեայ մարդուն համար Քրիստոս ի՛նքն է հաւատքի աղբիւրը, Քրիստոսի հաւատալ` կը նշանակէ Քրիստոսի ուսուցումները գործադրել, Աւետարանին արժէքներն ու սկզբունքները մեր կեանքին հետ շաղախել: Քրիստոսի ճամբէն քալել` կը նշանակէ քալել խաչի ճամբէն, ինչպէս Քրիստոս ի՛նք ըսաւ, հաւատքը զոհողութիւն եւ յանձնառութիւն կ՛ենթադրէ: Հաւատքը կեանքի աղբիւր է, ինչպէս Քրիստոս ինք ըսաւ` ո՛վ որ հաւատայ, պիտի ապրի: Հաւատքը հզօրութեան երաշխիք է, իր կեանքը հաւատքով թրծած մարդը չի՛ վախնար աշխարհի վտանգներէն», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս ու աւելցուց` ըսելով. «Այս գիտակցութեամբ հայ ժողովուրդը ապրեցաւ քրիստոնէական հաւատքը: Ան ո՛չ միայն Քրիստոսի հետեւող առաջին ժողովուրդը եղաւ, այլ նաեւ` իր հաւատքին համար արիւն թափող առաջին ժողովուրդը: Հայ ժողովուրդը քրիստոնէական հաւատքը այնքան նոյնացուցած էր իր կեանքին հետ, որ ան դարձած էր պատմիչին բառերով` «մորթի գոյն»: Ահա թէ ինչո՛ւ, երբ հինգերորդ դարուն հայ ժողովուրդի թշնամին կ՛ուզէր արմատախիլ ընել քրիստոնէական հաւատքը, ան հաւաքական կամքով ըսաւ, որ այս հաւատքէն մեզ աշխարհի ոչ մէկ ուժ կրնայ հեռացնել: Արդ, քրիստոնէական հաւատքը մեր ժողովուրդին համար եղաւ աղբիւր հզօրութեան: Այդ հաւատքով զօրացած մեր ժողովուրդը մնաց կանգուն պատմութեան ընթացքին»:

Իր հայրապետական պատգամի աւարտին վեհափառը կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն` կառչած մնալու քրիստոնէական հաւատքին ու համախմբուելու, քրիստոնէական հաւատքը մեր կեանքին մէջ կենդանի պահած, հայ եկեղեցւոյ շուրջ: Վեհափառը նաեւ յիշեցուց, որ կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, հետեւաբար մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ վճռական դարձակէտ դառնալու կոչուած 2015 թուականին, մեր ժողովուրդի զաւակները, Հայաստանէն մինչեւ Լիբանան, Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Եւրոպա եւ ի սփիւռս աշխարհի, որպէս մէկ ազգ, ցեղասպան թուրքէն ու աշխարհէն պէտք է պահանջեն իրենց բռնաբարուած իրաւունքները` հաւատարիմ մնալով մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու նուիրական կտակին:

Կաթողիկոսի պատգամէն առաջ Օշական սրբազան ողջունեց վեհափառին ներկայութիւնը` յաջողութիւն մաղթելով իր առաքելութեան: Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, Ազգային իշխանութեան անդամներ եւ մեծ թիւով ներկաներ: Ս. եւ անմահ պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:

Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ առաջնորդ սրբազանին, Ազգային իշխանութեան մարմիններուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES