«Միջին Արեւելքի Մէջ Քրիստոնէական Միութիւնը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է» Ընդգծեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

IMG_9192-1024x682Երեքշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2014-ին, Ուաշինկթընի մէջ միջեկեղեցական կրօնական արարողութեամբ բացումը կատարուեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան նուիրուած միջազգային համագումարին:

Համագումարին առաջին օրուան ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքը համագումարի մասնակիցներուն ուղղելով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ միութեան հրամայականին:

Երեք գլխաւոր բաժիններէ բաղկացած իր խօսքին մէջ, վեհափառ հայրապետը նախ անդրադարձաւ քրիստոնէական միութեան իւրայատուկ բնոյթին: Ան ըսաւ, որ քրիստոնէական միութիւնը աստուածատուր պարգեւ է եւ ոչ թէ մարդկային իրագործում: Պատմութեան ընթացքին, առաւելաբար քաղաքական պատճառներով, եկեղեցիները իրարմէ բաժնուեցան, սակայն եկեղեցւոյ էական միութիւնը մնաց անխախտ: Էքիւմենիք շարժումը յիշեցում մըն է եկեղեցիներուն` գործնական արտայայտութիւն տալու իրենց ներքին միութեան: Ապա, վեհափառ հայրապետը շեշտեց եկեղեցւոյ միութեան ու առաքելութեան սերտ առնչութիւնը: Ան ըսաւ, որ միութիւնը ինքնին նպատակ չէ, եկեղեցւոյ նպատակը առաքելութիւն է: Իբրեւ Քրիստոսի խորհրդական մարմինը` եկեղեցին կոչուած է շարունակելու Քրիստոսի փրկագործական խորհուրդը:

Իր խօսքի երկրորդ բաժինին մէջ, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ մեր նախահայրերը այսօր կը յիշեցնեն մեզի եկեղեցւոյ միութեան անհրաժեշտութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, որ եղած է ծննդավայրը քրիստոնէական հաւատքին: Ան յիշեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցւոյ պատմութիւնը ճանչցած է բազում ցեղասպանութիւններ ու հալածանքներ, սակայն, հակառակ այս իրողութեան, եկեղեցին գոյատեւած է: Քրիստոնեայ համայնքները իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած են Միջին Արեւելքի մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու զարգացման մէջ: Անոնք երկար դարեր գոյակցած են միաստուածեան կրօններուն հետ: Այսօր, հակառակ զիրենք շրջապատող ծանր պայմաններուն, քրիստոնեաները կառչած կը մնան Միջին Արեւելքին, իրենց պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն` իրենց ներքին միութիւնը դարձնելով առանցքը իրենց հզօրութեան:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին երրորդ բաժինով յիշեց, որ վերջին ամիսներուն, յատկապէս Իրաքի մէջ, քրիստոնեաները ծանր օրեր կ՛ապրին: Ահաբեկչութիւնը անընդունելի է որեւէ կրօնի կողմէ: Կրօնի ուսուցումներու քաղաքական նպատակներով շահագործումը դատապարտելի է բոլոր հաւաքականութիւններուն կողմէ, ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Ապա աւելցուց, որ բոլոր եկեղեցիներն ալ դէմ են Միջին Արեւելքէն քրիստոնեաներու արտագաղթին: Քրիստոնեաները անբաժան մասը կը կազմեն Միջին Արեւելքի ընկերութեան. հետեւաբար, անոնք կառչած կը մնան իրենց հողերուն ու իրաւունքներուն:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ երկու առիթներով յիշեց Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Օսմանեան կայսրութեան լուծին տակ քրիստոնեաներուն կրած հալածանքները:

Share this Article
CATEGORIES