Մենք «Լե՞ռն» Ենք Տակաւին…

ՀՐԱԿ Թ. ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ

Համալսարանն եմ: Պահը կը սկսի: Օսմանեան պատմութեան պահն է, իսկ դասատուս` թուրք, նաեւ` արտաքինով: Բոլորին խորթ կը թուէր հոն գտնուիլս, թերեւս նոյնիսկ` դասախօսին: Իսկ ես յատուկ ճիգ կը թափէի որեւէ դասապահէ չբացակայելու, ըլլալու տիպար ուսանող, ըլլալու դասարանին առաջինը: Ա՛յդ էր իմ պատասխանս ցեղասպանութիւն կազմակերպողներուն` ըլլալ այն, ինչ որ չէին ուզեր ըլլանք, հասնիլ հոն, ուր չէին ուզեր հասնինք: Չէի բացակայեր նաեւ, որպէսզի իր խօսածներէն ոչ մէկ բառ վրիպի, ոչ մէկ խեղաթիւրուած կարծիք կամ իրականութեան խախտում արձանագրուի:

Պահուան ընթացքին դասատուն նիւթէն կը շեղի: Կը հասնինք Մուսա Լեռ: Կը սկսի պատմել Մուսա Լերան հերոսամարտին մասին: Անշուշտ «հերոսամարտ» բառը չի գործածեր` այս կամ այն պատճառով: Իսկ հայերուս համար, մեր ենթագիտակցութեան մէջ, «Մուսա Լերան» անմիջապէս կցուած է «հերոսամարտ» եզրը: Ուրիշ բան կարելի չէ ըսել պատահածին, հայութեան հերոսական դիմադրութեան մասին:

Ան կը խօսի, իսկ ես ուշի ուշով կը հետեւիմ: Կը հետեւիմ ստուգելու համար, թէ սխալ տեղեկութիւն պիտի տա՞յ: Լսարանին կը բացատրէ Մուսա Լերան ակադեմական արժէքը` Ֆրանս Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 օրերը» գիրքին ընդմէջէն: Ապա կ՛անցնի մարտական եւ քաղաքական կողմերուն:

«Անոնք ունէին ղեկավար մը…», կ՛ըսէ ու կը լռէ: Լուռ կը մնայ` փորձելով յիշել անոր անունը: Դասարանը կը սպասէ: «Մովսէս Տէր Գալուստեան» կ՛ըսեմ` բարձր ձայնով եւ հպարտ ոճով: Դասարանը կը նայի ինծի: Դասատուն գլուխը կը շարժէ եւ կը շարունակէ: Արդէն կը գիտակցի, որ լաւատեղեակ եմ նիւթէն եւ աւելի զգուշ կը շարունակէ: Բառերը կը սկսի ընտրել: Ինք նախապէս դասարանին խօսած էր Դաշնակցութեան մասին` «Հայկական յեղափոխական կոմիտէ» անունով, որ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին յեղափոխական աշխատանք կը տանէր: Անշուշտ Դաշնակցութիւնը ատկէ շատ աւելին էր, բայց լսարանը ճիշդ տեղը չէր ՀՅ Դաշնակցութեան մեծութեան ու վեհութեան մասին սակարկելու: Դասախօսը շարունակելով խօսիլ Մովսէս Տէր Գալուստեանի մասին` կ՛ըսէ, թէ ան Դաշնակցութեան մաս չէր կազմեր: «Այդպէս չէ՞, Հրա՛կ», հարց կու տայ ինծի: Ես քանի մը երկվայրկեան լուռ կը մնամ: Կը մտածեմ` պատասխանե՞լ, թէ՞ ոչ…, սակայն` «դաշնակցական էր» կ՛ըսեմ` ժխտելով թուրք դասախօսիս ըսածը:

Կը շարունակեմ` ըսելով, որ շատերը իրենց դաշնակցականի երդումը տուին լերան գագաթին, որմէ ետք զէնք բարձրացուցին թուրք խուժանին դէմ: Իսկ Տէր Գալուստեան, ճեպելմուսացիք Այնճար առաջնորդելէն ետք, նոյնպէս շարունակեց հսկայական դեր խաղալ լիբանանահայութեան ազգային եւ կուսակցական կեանքին մէջ: Խօսքս կը փակեմ շեշտելով Այնճարի «դաշնակցականութեան» վրայ` որպէս սփիւռքի մէջ Դաշնակցութեան հիմնական սիւներէն:

Լսարանին համար այս բոլորը նորութիւն էր, դասախօսին ալ, հաւանաբար: Մուսա Լերան նիւթը փակելով, կը վերադառնանք մեր հիմնական նիւթին` Օսմանեան կայսրութեան: Ա՛յն կայսրութեան, որ փորձեց ոչնչացնել ամբողջ ազգ մը, որ այրեց մեր գիւղերը ու քանդեց մեր եկեղեցիները:

Բայց ձախողեցաւ թուրքը: Ձախողեցաւ, որովհետեւ մենք ունեցանք մուսալեռներ ու Մովսէս Տէր Գալուստեաններ` տարբեր շրջաններու մէջ: Ձախողեցաւ, որովհետեւ Դաշնակցութեան հարուածը չուշացաւ, քանի մը տարիէն` 1918-ին հայերու բնաջնջման անիրականանալի երազը հիւսողները ստացան իրենց պատասխանը: Հայաստանը աշխարհին ներկայացաւ որպէս ազատ ու ինքնիշխան պետութիւն:

***

Ուրիշ օր է: Դարձեալ համալսարանն եմ: Գրադարանը դաս սերտած սեղանիս ետին նստած է նաեւ Գերմանիայէն եկած թուրք ուսանողուհի մը: Ծանօթ ենք իրարու, խօսած ենք նախապէս: Ցեղասպանութեան գծով բաւական տարբեր կեցուածքներ ունինք, բայց եւ այնպէս կը շարունակենք խօսիլ: Կը հարցնէ ինծի Այնճար գիւղին մասին: Գիտէ, որ հայկական է: Լսած է, որ «հայերը թուրքերուն մեռցուցած են» եւ ապա Լիբանան եկած են հոն հաստատուելու…

Անշուշտ ինք զոհն էր թրքական ապատեղեկատուութեան եւ պատմութեան աղաւաղման: Ինք ոճրագործ նկատեց մուսալեռցին, իսկ ես ալ` զինք…

Համաձայնեցանք չհամաձայնիլ: Բացատրեցի իրեն, թէ իր լսածը մասամբ ճիշդ է, բայց` ոչ ամբողջական: Մուսալեռցին զէնք բարձրացուց, այո՛, բայց ոչ թէ յարձակողական մարտ մը տանելու թուրքին դէմ: Շեշտեցի, որ Մուսա Լերան հերոսամարտը ինքնապաշտպանութեան լաւագոյն օրինակ էր: Ինքնապաշտպանութիւն` թուրքին դէմ:

Անոնք բարձրացան լեռ` մերժելով դառնալ թուրքին գերին, բարձրացան կռուելու քաջօրէն, բարձրացան պայքարելու անվախ եւ հերոսաբար: Բարձրացան յաղթելու եւ թշնամին սարսափի մատնելու, բարձրացան ի պատիւ հայութեան, բարձրացան նահատակներու վրէժը լուծելու, բարձրացան ողջ հայութեան պատգամ մը փոխանցելու: Բարձրացան մեզ յիշեցնելու Խրիմեան Հայրիկին պատգամը: Բարձրացան ու բարձրացուցին:

600 տարուան զրկանք ու անարգանք ապրող հայութիւնը Մուսա Լերան հերոսամարտէն ստացաւ հաւատք, յոյս եւ ամրապնդուեցաւ անոնցմով:

Մուսա Լեռը ճանապարհը բացաւ դէպի Սարդարապատ, դէպի մայիս 28, դէպի հզօր Արցախ:

***

Ուզեցի բաժնեկցիլ այս երկու դէպքերը, ո՛չ թէ որովհետեւ շատ կարեւոր են, այլ որովհետեւ մեզի կը յիշեցնեն, թէ Մուսա Լերան հերոսամարտը, կամ, աւելի ճիշդը, Հայ դատի պայքարը տակաւին աւարտած չէ: Իւրաքանչիւր օր պայքարի օր է մեզի համար: Պայքար` գոյատեւելու, պայքար` շարունակելու եւ պայքար` յաղթահարելու ամէն տեսակի թշնամիներ` թուրք թէ այլ, ներքին թէ արտաքին, մարտական կամ պարզապէս համալսարանի մը կամ գրադարանի մէջ: Մեր ուսերուն պարտականութիւն կայ: Մե՛նք ենք Հայ դատի գործիչները` մեր տուներուն մէջ, մեր դասապահերու ընթացքին եւ մեր գործատեղիներուն մէջ:

Մեր բոլորին դաս է Մուսա Լեռը, որովհետեւ մուսալեռցիներուն պայքարը լերան գագաթը չվերջացաւ, այլ շարունակուեցաւ մինչեւ տեղահանութիւն, մինչեւ հիւանդութիւն, մինչեւ Այնճար եւ մինչեւ օրս: Մուսա Լեռը դադրեցաւ միմիայն ժայռ մը ըլլալէ, այլ դարձաւ օրինակ: Մուսա Լեռը դարձաւ սփիւռքահայութեան նոր Մասիսը:

Ուրեմն շարունակենք ապրիլ այդ օրինակով եւ ներշնչուինք իւրաքանչիւր նահատակի նուիրումով:

Լիբանանահայութիւնը պատերազմի դաշտին վրայ է` պատերազմ օտարամոլութեան դէմ, պատերազմ անապահովութեան դէմ, պատերազմ կրօնական ծայրայեղութեան դէմ, պատերազմ թրքական ներթափանցման դէմ…

Պատրա՞ստ ենք արդեօք այդ պայքարը մղելու, կամ ա՛լ յոգնած ենք պայքարելէ:

Մուսա Լերան հերոսամարտի մասնակցողներուն պատասխանը մէկն էր` «Մենք լեռն ենք տակաւին, թող ետ գայ թշնամին»:

Արդեօք մե՞րն ալ նոյնն է:

 

Share this Article
CATEGORIES