Մերիոն Միացաւ Քլիվլենտի

Շոն Մերիոն
NBA.com կայքը կը հաղորդէ, որ Տալաս Մավըրիքսի փորձառու եւ հանրածանօթ պասքեթպոլիստ Շոն Մերիոն լքելով իր ակումբը միացաւ Քլիվլենտ Քաւալիրզի:
Հաղորդուած լուրին մէջ նշուած է, որ 36-ամեայ Մերիոն պայմանագիր կնքած է Քլիվլենտի հետ` իբրեւ ազատ խաղցող:
Յիշեցնենք, որ ան 2011 թուականին Տալասի հետ դարձաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան:
CATEGORIES Մարզական

