ՖԻՖԱ . Բժշկական Դադարի Նոր Կանոն

Միշել Տհուք

Միշել Տհուք

ՖԻՖԱ-ի բժշկական կոմիտէի նախագահ Միշել Տհուք նոր կանոնի մը առաջարկը ներկայացուցած է ՖԻՖԱ-ին եւ կը պատրաստուի ՖԻՖԱ-ի եւ ՈՒԷՖԱ-ի համաձայնութիւնը ստանալու:

Անոր առաջարկը հետեւեալն է.

Ներդրել 3 վայրկեան տեւողութեամբ բժշկական դադար մը, երբ խաղցող մը ծանր վնասուածք ստանայ, մասնաւորաբար գլխու հարուած, եւ ասիկա պիտի ըլլայ խաղցողին խնդրանքով:

Նշենք նաեւ, որ խաղցողը բուժումէն ետք դաշտ կրնայ վերադառնալ միմիայն, երբ խումբին բժիշկը համաձայն գտնուի եւ յարմար նկատէ խաղցողին խաղը շարունակելու կարողութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES