Այսօր Ժետտայի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Համագործակցութիւնը Կազմակերպելու Ժողով

0910_JeddahՏասը երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի, այսօր Ժետտայի մէջ ժողով մը պիտի գումարեն: Սէուտական Արաբիա Միացեալ Նահանգներու կողքին ժողովին հրաւիրած է Արաբական Ծոցի երկիրները, Յորդանանը, Թուրքիան, Եգիպտոսն ու Լիբանանը:

Արտակարգ ժողովը պիտի կեդրոնանայ ՏԱՀԵՇ-ին դէմ դնելու միջոցներու որոնման վրայ: Սէուտական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ շրջանային ժողովը պիտի քննարկէ «շրջանին մէջ ահաբեկչութեան եւ անոր ետին գտնուող ծայրայեղական խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու հարցը»:

Արաբական դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւրներ սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ժետտայի ժողովը պիտի քննարկէ ՏԱՀԵՇ-ին դէմ միջազգային դաշինքի արաբական մասնակցութեան տարազը:

Բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթը իր կարգին երէկ գրեց. «Ժամանակը հասած է, որ Միջին Արեւելքի սիւննի երկիրները իրենց պատասխանատուութեան տէր կանգնին»: Օրաթերթը կը նշէ, որ Ժետտայի մէջ «Կարմիր ծովու վեհաժողով» խորագիրին տակ գումարուող ժողովը կարելի է կոչել «սիւննիական ուժերու» ժողով, որուն մասնակիցները պէտք է զինուորական օժանդակութիւն տրամադրեն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին:

Share this Article
CATEGORIES