Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Կատարեալ մթնոլորտ` գործատեղիին մէջ, գործատէր եւ պաշտօնեաներ պիտի աշխատին գործակցաբար:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Երազային օր մը: Նախաձեռնութիւններ առէք: Ի՛նչ որ փորձէք, պիտի յաջողիք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այս օրերը կը նպաստեն ձեր գործունէութեան յաջողութեան:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բարեկամ մը ձեզի պիտի առաջարկէ իրեն հետեւիլ` ասպարէզի արկածախնդրութեան մը մէջ. առանց վարանելու` հետեւեցէք իրեն:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մարտահրաւէրներ կը սիրէ՞ք: Ժամանակն է: Պիտի ունենաք եւ յաջողիք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր հետաքրքրութիւնը եւ սորվելու ծարաւը պիտի վարձատրուին. ձեր գիտութիւնը պիտի զարգացնէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շատ աշխատանք ունիք կեանքի նոր էջ մը սկսելու համար. պարտադիր շրջան մը, որ պիտի կարենաք իրագործել:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի կարենաք ընկերային կեանքը սերտացնել, նոյն ատեն կարիքը պիտի զգաք մեկուսանալու:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պիտի աւարտէք ձեր դժուարին գործը` հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ. օրը պիտի անցնի յաջող` հակառակ դժուարութիւններուն:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հիանալի հանդիպում մը պիտի ունենաք. արկածախնդրութեան մը սկիզբն է թերեւս, ձեզի կը մնայ յաջողցնել:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Յարգեցէք ձեր յիշատակները. միայն դուք կրնաք արժեւորել բոլորը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ուշադիր եղէք ձեր զաւակներուն կարիքներուն: Դուք պիտի կարենաք անոնց երջանկութիւն պարգեւել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES