50 Տարի Առաջ (12 Սեպտեմբեր 1964)
Խմբագրական
Թանկագին Նպաստ Մը
Ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակին առիթով, Հայ դատին ի նպաստ բացուելիք համազգային պայքարը իր նպատակին հասնելու համար պիտի ունենայ ընդհանրական բնոյթ: Պիտի օգտագործուին մեր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցները` առաւելագոյն տարողութիւնը տալու համար այդ պայքարին, նոյն ատեն` ցնցելու միջազգային հանրային կարծիքը` հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն ճշգրիտ եւ յստակ պատկերացումով:
Այդ միջոցներէն մէկը կը նկատենք զօրաշարժը այն հայերուն, որոնք արտասահմանի այս կամ այն երկրին մէջ միջազգային համբաւի տիրացած են գրականութեան, արուեստներու եւ գիտութեան մարզերուն մէջ, որոնց խօսքը կշիռ ունի, այլ մանաւանդ ի վիճակի են լսելի դառնալու լայն զանգուածներուն, իւրաքանչիւրը` իր կալուածէն ներս:
Ոչ ոք պիտի կրնայ ժխտել նման հռչակաւոր հայորդիներու բերելիք նպաստը մեր Դատին, եթէ երբեք մենք կարողանանք յարմարագոյն ձեւով օգտագործել անոնց հեղինակութիւնն ու տաղանդը` մեր նպատակներու իրագործման համար:
Չենք կրնար խօսիլ խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Միութեան մէջ միջազգային համբաւի տիրացած արուեստագէտներու եւ գիտնականներու մասին, որոնք պարտաւոր են իրենց դիրքը ճշդելու` համաձայն տիրող իշխանութիւններու կամքին ու քաղաքականութեան: Առ այժմ ոչինչ գիտենք Հայաստանի խորհրդային իշխանութեանց տրամադրութիւններուն մասին` հանդէպ յիսնամեակին առիթով ծրագրուող համազգային շարժումին: Ուստի պիտի գոհանանք արտասահմանի մեր ուժերով եւ պիտի անդրադառնանք միայն անոնց բերելիք նպաստին:
Այսօր, քաղաքական բոլոր խնդիրներուն մէջ, նոյնիսկ մեծ պետութիւններու պարագային, արուեստագէտներն ու գիտնականները ունին իրենց խօսքը: Անոնք քով քովի կու գան եւ կը հրատարակեն կոչեր` միջազգային այս կամ այն դատին կապակցութեամբ: Ֆրանսայի մէջ, ալճերիական պատերազմի օրերուն, 21 ֆրանսացի գիտնականներ, արուեստագէտներ եւ գրագէտներ ունեցաւ ելոյթ մը` ի նպաստ ալճերիացի ժողովուրդին, ինչ որ անպայման նպաստաւոր անդրադարձ ունեցաւ հանրային կարծիքին վրայ` փութացնելով այդ կնճռոտ հարցին լուծումը:
Նոյնն է նաեւ պարագան հիւլէական հարցերու կապակցութեամբ: Տակաւին վերջերս հիւլէագէտ գիտնականներ կը հրատարակէին կոչ մը` մեծ պետութիւններու ուշադրութիւնը հրաւիրելով հիւլէական զէնքերու հաւանական վտանգներուն վրայ:
Հետեւաբար գործելակերպը նոր չէ միջազգային կեանքին մէջ: Նորութիւնը պիտի ըլլայ մեզի` հայ ժողովուրդին համար, որ կարծէք տարբեր ճիգ եւ գործ վերապահած կը թուի ըլլալ իր տաղանդաւոր զաւակներուն, մինչդեռ ներկայիս ոչ ոք իրաւունք ունի հանրայինէն դուրս ապրելու եւ չմտահոգուելու ընդհանրական հարցերով:
Այսօր քանի մը անուններ միայն կրնանք տալ` ծրագրուած աշխատանքի մը կազմակերպումը ձգելով այն մարմինին կամ մարմիններուն, որոնք յառաջիկայ տարի պէտք է կազմուին համահայկական այս պայքարը առաւելագոյն զօրութեամբ տանելու համար:
Ուիլիըմ Սարոյեան մը, Ռուբէն Մամուլեան մը, Ալեն Յովհաննէս մը` Միացեալ Նահանգներու մէջ, Անրի Վերնէօյ մը, Շարլ Ազնաւուր մը` Ֆրանսայի մէջ (յիշելու համար միայն քանի մը անուններ) կրնան մեծ դեր խաղալ, անջատաբար եւ միասնաբար, իւրաքանչիւրը իր միջոցներով կամ համախումբ` Հայ դատին եւ հայ ժողովուրդին ի նպաստ ելոյթներ ունենալով: Ու վստահ կրնաք ըլլալ, որ անոնց խօսքը անմիջապէս տեղ կը գտնէ միջազգային մամուլին մէջ եւ կը տարածուի լայն զանգուածներու մէջ` դառնալով նաեւ սեփականութիւնը քաղաքական եւ այլ շրջանակներու:
Ուրեմն մեր առաջին գործը պիտի ըլլայ վերոյիշեալ արուեստագէտները եւ գրագէտները հետաքրքրել հայկական խնդիրներով, մեր Դատով, մեր ժողովուրդի ներկայով ու ապագայով: Մօտենալ անոնց, բացատրել, եթէ տակաւին բացատրութեան պէտք ունին, խորհրդակցիլ` պայքարը ազդու դարձնելու լաւագոյն միջոցներուն եւ կերպերուն շուրջ: Վստահ ենք, որ անոնց երակներուն մէջ հոսող հայու արիւնը անպատասխան պիտի չթողու մեր կոչը, եւ բոլորն ալ իրենց տաղանդն ու կարողութիւնները ի սպաս պիտի դնեն զիրենք ծնող ազնուական ժողովուրդի նուիրական Դատին:
Համոզուած ենք, որ զանազան մարզերու մէջ մեր ձեռնարկելիք պայքարին ամէնէն արդիւնաւէտ երեսներէն մէկը պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդի արուեստագէտ զաւակներուն թանկագին գործունէութիւնը:
Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ
Հիմնօրհնէքի Արարողութիւնը
Ներկայ Եղան Սրբազանը, Բարերար
Պօղոս Նաճարեան Եւ Մեծ Թիւով Ազգայիններ
Չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբեր, կէսօրէ առաջ տեղի ունեցաւ Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ կառուցուելիք համանուն մեծ ու գեղակերտ եկեղեցւոյն հիմնարկէքի հոգեպարար արարողութիւնը, որուն կը նախագահէր թեմիս բարեջան առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, շրջապատուած` գրեթէ ամբողջ քահանայից դասով:
Նոր Ատանայի հայութեան համար պատմական նշանակութիւն ունեցող ազգային-կրօնական այս ուրախառիթ ու տպաւորիչ հանդիսութեան ներկայ էին նոր կառուցուելիք եկեղեցւոյն բարերար Պօղոս Նաճարեան եւ իր ազնուափայլ կինը, եկեղեցւոյ ճարտարապետ Գէորգ Էմմիեան եւ բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ ու ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Սրբազան հայրը, շրջապատուած քահանայ հայրերով, 16 կնքահայրերով ու դպրաց դասով, կարգաւ մի առ մի հանդիսաւորապէս օրհնեց եկեղեցւոյն 16 սիւներուն հիմերը` նուիրուած Քրիստոսի 12 առաքեալներուն եւ չորս աւետարանիչներուն: Ապա սրբազան հայրը օծեց ու օրհնեց 16 սրբատաշ սպիտակ մարմարէ խաչքարերը, որոնք զետեղուեցան սիւներու հիմերուն մէջ: Նոյն միջոցին բարեպաշտ ազգայինի մը կողմէ նուիրուած ոչխար մը կը զենուէր օրհնուող հիմերուն վրայ: Հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը երկիւղածութեամբ ու յուզումով հետեւեցաւ կրօնական այս արարողութեանց, որոնք կը նուիրագործէին տարիներէ ի վեր մշակուած շինարարական գեղեցիկ ծրագիրի մը իրականացումը` շնորհիւ լիբանանահայ հանրածանօթ ու վեհոգի ազգայինի մը իշխանական նուիրատուութեան:
Յետ հիմնօրհնէքի հոգեպարար արարողութեան, եկեղեցւոյ մէջ սրբազան հայրը խորիմաստ քարոզով մը շեշտեց նոր եկեղեցւոյն շինութեան անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը ազգային տեսակէտէն եւ վեհոգի բարերարին օրինակելի բարեսիրութիւնը:

