Մանչեսթըր Եունայթըտի Կորուստը Մոյզի Օրերուն

Մոյզ

Մոյզ

Անգլիական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթին փոխանցումով, անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբը նախորդ տարեշրջանի պատճառով կրած է 62,5 միլիոն եւրոյի կորուստ մը:

Կորուստներու հիմնական պատճառը խումբին «Չեմփիընզ Լիկ»-էն դուրս մնալն էր: Բայց միւս կողմէ յիշեցնենք, որ խումբը Անգլիոյ ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց 7-րդ դիրքը, եւ այդ մէկը նաեւ պատճառ դարձաւ, որ միւս տարիներուն հետ համեմատած աւելի քիչ մուտք ըլլայ ակումբին համար, եւ այս մէկը նկատուեցաւ իբրեւ կորուստ:

Նշենք նաեւ, որ ակումբը 9 միլիոն եւրօ ստիպուեցաւ վճարել Մոյզին` ձերբազատելու համար իրմէ:

Այս բոլորը համախմբելով կ՛ըսուի, թէ Մոյզ պատճառ դարձաւ 62,5 միլիոն եւրօ կորուստի:

Share this Article
CATEGORIES