Հրաձգութեան Աշխարհի 51-րդ Ախոյեանութիւնը Կը Շարունակուի
Սպանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ կը շարունակուին հրաձգութեան աշխարհի 51-րդ ախոյեանութեան խաղերը:
Ատրճանակի (50 մ) ազատ ոճի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Սեւակ Արշակեան եւ Զաւէն Իգիթեան իրենց մասնակցութիւնը բերած են: Այս մրցումին 49 մարզիկներ մասնակցեցան, եւ Սեւակ կրցաւ հաւաքել 531 կէտ, իսկ Զաւէն` 551 եւ գրաւեց 4-րդ դիրքն ու անցաւ յաջորդ հանգրուան, սակայն չկրցաւ մետալի տիրանալ:
Հայ մարզիկներուն յաջորդ մրցումները տեղի պիտի ունենան 11 սեպտեմբերին, երբ Քրիսթիան Լաուերը պիտի մասնակցի հրացանի (50 մ) պառկած դիրքի մրցումին, իսկ Սեւակն ու Զաւէնը` օդամղիչ ատրճանակի (10 մ) երիտասարդներու մրցումին:
CATEGORIES Մարզական

