ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները հասած են իրենց տուները, իսկ Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաստատէ, որ անոնց առեւանգումին վերաբերող հետաքննութիւնը տակաւին ընթացքի մէջ է:

ՆԱԱՄԷԻ շրջանին մէջ երիտասարդներու միջեւ ծագած կռիւ մը վերածուեցաւ գնդացիրներով զինեալ բախումի: Նաամէի քաղաքապետը յայտնեց, որ այդ հարցը զուտ անձնական է եւ քաղաքական ոչ մէկ ենթահող ունի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան  Ամմար Հուրի «Նաշրա» կայքէջին հետ ունեցած  իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ մօտիկ ապագային ընդդիմութիւնը պիտի անցնի գործնական քայլերու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը մարոնի համայնքին վերադարձնելը աւելորդաբանութիւններով կարելի չէ լուծել: Ան աւելցուց, որ եթէ որոշ թեկնածուի մը շուրջ կարելի չըլլայ համախոհութիւն գոյացնել, ապա կառավարութեան նիստին ընթացքին քուէարկութիւն պիտի կատարուի:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնին առումով ոչ մէկ հարց կայ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը ստանձնելիք պատասխանատուին համայնքային պատկանելիութեան շուրջ քննարկումները վերջ գտած են:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ալի Քանսօ նկատել տուաւ, որ ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնը պիտի ըլլայ շիի համայնքի զաւակներէն մէկը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է բացատրութիւն տայ 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն ազատ արձակումին մասին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ազգային փրկութեան կառավարութիւն է, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ բարեկարգումներ կատարելու եւ երկիրը բարգաւաճեցնելու իմաստով:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ եթէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իրենց հետ չդաշնակցէր, ապա ան Թրիփոլիի մէջ ոչ մէկ երեսփոխան կ՛ունենար:

ԻՍԼԱՄ քարոզիչ սէյիտ Ալի Ֆատլալլա կոչ ուղղեց վերջ տալու Դիմադրութեան ապազինման պահանջին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Քասսար յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութեան նստաշրջանի երկարաձգումը պիտի ամրապնդէ երկրին ելեւմտական կացութիւնը, քաղաքական ներկայ զգայուն հանգրուանին ընթացքին:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆայեզ Ղոսըն յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է եւ պատրաստակամ իր պարտականութիւնները եւ առաքելութիւնը աւարտելու, յատկապէս` նշանակումները ամբողջացնելու առումով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենց ծրագիրն է Լիբանանը նոր հիմերու վրայ զետեղել եւ ուրիշին նկատմամբ հանդուրժողականութիւն ցուցաբերել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES