ՇԱՐՊԵԼ. «ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԻՄԱՆԱՆ ԷՍԹՈՆԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՄԱՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ»
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ յայտնեց, որ լիբանանցիները ի վերջոյ պիտի իմանան Լիբանանի մէջ առեւանգուած 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն ազատ արձակման մանրամասնութիւնները:
Շարպել նկատել տուաւ, որ այս իմաստով գաղտնապահութիւնը անհրաժեշտ է հետաքննութիւնը շարունակելու համար:
Ներքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը կատարելապէս գործակցած են էսթոնիացիները ազատ արձակելու առումով` աւելցնելով սակայն, որ ներքին ապահովութեան ուժերը պարզապէս չմօտեցան այն շրջանին, ուր կը գտնուէին առեւանգողները:
Շարպել հաստատեց, որ ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնին համար ատակ անձնաւորութիւնը պէտք է նշանակել:
CATEGORIES Լիբանանեան