ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԱՅԸ

Դեսպան Կայ եւ փոխվարչապետ Մուքպել

Փոխվարչապետ Սեմիր Մուքպել  երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրենսիս Կայը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան – բրիտանական յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Կայ յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն է Մուքպելը շնորհաւորել անոր նշանակումին առիթով, ինչպէս նաեւ հրաժեշտ տալ անոր` իր դիւանագիտական պաշտօնավարութեան շրջանը աւարտելուն առիթով:

Միւս կողմէ, Կայ յայտնեց, որ Լիբանանի ծովային սահմանագծումը զգայուն հարց է` աւելցնելով, որ այդ սահմանագծումը պէտք է կատարուի ՄԱԿ-ին հսկողութեամբ, յատկապէս այն իրականութեան համար, որ Լիբանան եւ Իսրայէլ իրարու չեն ճանչնար:

Կայ նկատել տուաւ, որ Լիբանան պէտք է համբերէ, որովհետեւ ՄԱԿ-ը եւ Եւրոպական Միութիւնը պիտի հսկեն այդ սահմանագծումը կատարելու աշխատանքին: «Նկատի ունենալով, որ Կիպրոս Եւրոպական Միութեան անդամ երկիր է, Կիպրոսի հետ Լիբանանի ծովային սահմանները կը նկատուին Եւրոպական Միութեան հետ սահմաններ, որոնք պէտք է հանդարտօրէն քննարկուին եւ անոնց թեքնիք լուծումներ գտնուին», ըսաւ Կայ:

Մուքպել իր կարգին մաղթեց, որ կառավարութիւնը յաջողի իրականացնել լիբանանցիներուն շահերը:

Share this Article
CATEGORIES