Արուեստի Աշխարհէն. Հռոմը Կը Քայքայուի՞
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Հռոմի Քոլոսէումը վերանորոգելու 32 միլիոն տոլարի ծրագիր մը հովանաւորուած է կաշիէ կօշիկներու եւ պայուսակներու հռչակաւոր վաճառանիշ Թոտ՛ծի կողմէ: Իտալական վտանգուած այլ կոթողներ (տեսնել` վարի նկարները) կը վերանորոգուին նոյն ձեւով:
ԻՏԱԼԱՑԻՔ ԱՅՆ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻՆ, ԹԷ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ ՏԻԶՆԻԼԵՆՏԻ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԾԵՆ ԻՐԵՆՑ ԵՐԿՐԻՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ: ՍԱԿԱՅՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐ ԱՅԼ ՁԵՒՈՎ ԿԸ ՄՏԱԾԵՆ: «ՏԸ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԹԱԿԱՐԴՈՒԱԾ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿՈԹՈՂՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՈՒՄԸ` ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐՈՎ:
Անոնք ձեւագծած են աշխարհի մեծահարուստներուն հանդերձանքը եւ գոհարներով զարդարած են Հոլիվուտի աստղերը: Իսկ այժմ Իտալիոյ նորաձեւութեան թագաւորները գործի լծուած են վերանորոգելու համար երկրին փլուզուող կոթողները եւ զանոնք վերադարձնելու իրենց անցեալի փառքին. բան մը, որ ընելու կարողութիւնը չունի Իտալիոյ դրամազուրկ պետութիւնը:
Սակայն, մինչ Իտալիա կը փորձէ սեփական մարզէն դրամ ապահովել` փրկելու համար հնադարեան աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր կոթողները, անդին` վիճարկութիւն մը սկսած է ծաւալիլ պատմութեան առեւտրականացումին ի տես: Իտալացիք միշտ ալ զգուշ եղած են խուսափելու համար ամերիկեան ոճի պիտակներէն, որոնք կրնան ստեղծել, օրինակ, Փրատայի Պոպէյը կամ Կուչիի Ծռող աշտարակը: Սակայն քննադատներ արդէն սկսած են դժգոհութիւն յայտնել առեւտրական ընկերակցութիւններու կողմէ Իտալիոյ ազգային ժառանգութեան իրաւունքներու չարաշահութեան նկատմամբ:
«Թոտ՛ծ»-ի Քոլոսէումը
Միւս կողմէ` ամէն ոք համաձայն է, թէ սուր կարիքը կայ վերանորոգութեան: Ապականութեան մէջ թաղուած եւ կարգ մը պարագաներու` փլուզուող շարք մը գլխաւոր վայրեր երկար ժամանակէ ի վեր վտանգուած են: Թրեւի շատրուանին քարի վրայ քանդակուած դափնեպսակներու տերեւները սկսած են թափիլ` դիցաբանական ձմրան մը ցուրտը յիշեցնելով: Հռոմի հռչակաւոր ամփիթատրոնին` Քոլոսէումին սկզբնական գոյնը` փղոսկրի երանգ մը հռոմէացի սուսերամարտիկներու օրերուն, մթագնած է քաղաքին մերօրեայ ձիակառքերուն` ինքնաշարժներու ծուխին պատճառով:

Վենետիկի Հառաչանքի կամուրջը:
Այն մտավախութեամբ, թէ քաղաքին մշակութային ժառանգութեան գլխաւոր վայրերը Տիզնիլենտի կրնան վերածուիլ, Իտալիոյ պետութիւնը ընդհանրապէս խուսափած է վերանորոգութեան եւ հոգատարութեան համար օգտուելէ սեփական մարզի նուիրատուութիւններէն եւ հովանաւորութիւններէն: Սակայն բազմաթիւ տարիներէ ի վեր Իտալիոյ դիմագրաւած տնտեսական տագնապը եւ կարգ մը վայրերու պարագային` փլուզումի լուրջ վտանգը շրջած են իտալացիներուն կեցուածքը: Իրենք զիրենք ներկայացնելով իբրեւ մարդկութեան ամէնէն յատկանշական արուեստի գործերուն հոգատարները` անոնք սկսած են իրենց դատին լծել միլիառատէրեր, ընկերութիւններ, նոյնիսկ` օտար պետութիւններ:
Մինչ իտալացիք իրենց կոթողները կը ծանուցեն իբրեւ մանուկներ, որոնք հոգատարի կարիքը ունին, անդին` իտալական նորաձեւութեան առաջնորդները սկսած են հասնիլ օգնութեան: Անոնք միլիոնաւոր եւրօ կը ծախսեն խիստ անհրաժեշտ վերանորոգութիւններու համար, որոնց փոխարէն` կը պահանջեն հովանաւորի տարբեր իրաւունքներ, միաժամանակ` խթանելով արուեստի եւ հնագիտական վերանորոգութեան երկրամեայ ժամանակաշրջան մը Իտալիոյ արդի պատմութեան մէջ:

Հռոմի Քոլոսէումը:
Նոյնիսկ երբ շինարարական երկաթները կը բարձրանան հնադարեան կառոյցներու շուրջ եւ վարպետ վերանորոգողներու բանակ մը գործի կը լծուի, իտալացիք այնքան ալ ուրախ չեն սեփական մարզի նիւթական յատկացումներուն ներխուժումով: Անոնք կ՛ըսեն, թէ հովանաւորներու դիմելով` Իտալիա կրնայ կորսնցնել իր ոգին: Օրինակ, կարգ մը նուիրատու ընկերութիւններ պիտի առնչուին իրենց վերանորոգած կոթողներուն հետ, ինչ որ զանոնք պիտի վերածէ նորաձեւութեան վաճառանիշի:
Օրինակ`
Ֆենտիի Թրեւի շատրուանը:
Թոտ՛ծի Քոլոսէումը:
Պուլկարիի Սպանական սանդուխները:
Օտար Նուիրատուութիւնները`
Միակ Լուծում

Հնադարեան Պոմպէյը:
«Շատ մտահոգիչ երեւոյթ է, որ Իտալիոյ պետութիւնը իր վաճառանիշը չունի,- կ՛ըսէ Իտալիոյ Լուքքա համալսարանին մէջ հնադարեան արուեստի պատմութեան դասախօս Լուիզա Քաթոնի:- Ճիշդ է, որ ասիկա պահպանումի եւ վերանորոգութեան հարց է, սակայն նաեւ` ճաշակի»:
Իտալիոյ պետութիւնը ժամանակին ազգային ժառանգութիւնը կը համարէր իր իրաւունքը: Սակայն տեղական եւ պետական քաղաքական գործիչներ հիմնական շեղում մը սկսան կատարել երկու տարի առաջ, երբ պետական տուրքերու հսկայական կրճատումներ խոստացան վերանորոգութեան համար նուիրատուութիւններ կատարող ընկերութիւններու: Խոստումը սկսաւ գործադրուիլ այս տարի: Իրականութեան մէջ իտալական պետութեան մշակութային պիւտճէն չափազանց սահմանափակուած է իրերայաջորդ «հիւանդ» կառավարութիւններու օրով, մինչ երկրին կոթողներուն վիճակը սկսած է աւելի վատթարանալ: Օրինակ, Պոմպէյի սրընթաց փլուզումը համաշխարհային աղմուկ բարձրացուցած է եւ հնագէտներ ահազանգ հնչեցուցած են (մարտին Պոմպէյի մէջ փուլ եկաւ Վենիւսի տաճարին մէկ պատը):
Հետեւաբար ոմանք կը մտածեն, թէ միակ լուծումը օտար նուիրատուութիւններն են: Վերջերս Հռոմի քաղաքապետութիւնը նախնական համաձայնութիւն մը գոյացուցած է Սէուտական Արաբիոյ հետ, որ պիտի հոգայ Օգոստինոս կայսեր դամբարանին վերանորոգութիւնը:

Թրեւի շատրուանը` Հռոմի մէջ:
Ինացիօ Մարինօ, որ տարիներ շարունակ Միացեալ Նահանգներու մէջ աշխատած է իբրեւ պատուաստող վիրաբուժ եւ այսօր Հռոմի քաղաքապետն է, այս ամիս գիտաժողով մը պիտի կազմակերպէ Քալիֆորնիոյ մէջ` ներգրաւելու համար արհեստագիտութեան կեդրոն Սիլիքոն Վալիի միլիոնատէրերը, որպէսզի նուիրատուութիւններ կատարեն: Ան պիտի վիճի, թէ իտալացիք արդէն վճռական քայլերու կը դիմեն ապահովելու համար իրենց կոթողներուն պահպանութիւնը, ինչպէս` Քոլոսէումի շուրջ ինքնաշարժներու երթեւեկի արգիլումը, որուն նպատակն է նուազեցնել անոնց ծուխին պատճառով յառաջացած մաշումը, թէեւ այս որոշումը ինքնին առիթ տուած է սուր տարակարծութիւններու: «Սակայն աշխարհը եւս պէտք է օգնէ մեզի: Առանձին չենք կրնար դիմագրաւել հարցերը», կ՛ըսէ ան:
Մինչ այդ Իտալիոյ պետութիւնը կը փորձէ այլ ուղղութիւն մը եւ կը քննէ հաւանականութիւնը սեփական ընկերութիւններու շնորհելու հնագիտական վայրերու մէջ փոքր թանգարաններ, նոյնիսկ` շահաբեր սրճարաններ կամ գրատուներ հաստատելու իրաւունքը:

Փիզայի ծռող աշտարակը:
«Իտալիոյ մէջ գեղեցկութիւնը անսահման է,- կ՛ըսէ Իտալիոյ մշակոյթի նախարար Տարիօ Ֆրանչեսքինի:- Նոյնիսկ եթէ այսօր պետութիւնը պակսեցուցած չըլլար հանրային ծրագիրներու իր պիւտճէն, երկրին մշակութային ժառանգութիւնը այնքա՛ն հարուստ է, որ կարելի չէ հասնիլ բոլորին: Հետեւաբար անպատեհութիւն չեմ տեսներ սեփական մարզի շահերը գոհացնելու եւ անոնցմէ օգտուելու մէջ»:
Սահմանները` Քանդուած
Այսուհանդերձ, կը թուի, թէ անցեալին իտալական կարգ մը քաղաքներ ոչ միայն անցած են առեւտրականացումի սահմանները, այլ նաեւ քանդած են զանոնք: Օրինակ` Վենետիկի Հառաչանքի կամուրջին եւ Տոճերու պալատին վերանորոգութեան ժամանակ քաղաքապետութիւնը համաձայնագիր մը ստորագրած է վերանորոգութիւնը ստանձնած ընկերութեան հետ եւ խոստացած է ծանուցել զայն` ծախսերը հոգալու համար: Արդիւնքը եղած է ահռելի եւ զանգուածային ծանուցումներու շարք մը` Քոքա-Քոլայի եւ Պուլկարիի նման ընկերութիւններու համար, որոնց դիմաց բարձրացած է ժողովրդային զայրոյթի ալիք մը:
Սակայն նուիրատուութիւններ ներգրաւող եւ հովանաւորութեան ձգտող նոր արշաւներ կը խոստանան աւելի նրբաճաշակ ծանուցումներ, մասնաւորաբար` Հռոմի մէջ: Օրինակ` Թրեւի շատրուանը վերանորոգելու համար Ֆենտի իր 2.8 միլիոն տոլարի նուիրատուութեան փոխարէն` պիտի ստանայ միայն փոքր ցուցատախտակ մը` «կօշիկի տուփի չափ», որ պիտի զետեղուի շատրուանին մօտ` նշելու համար այս վաճառանիշին դերակատարութիւնը վերանորոգութեան ծրագիրին մէջ:

Հռոմի Սպանական սանդուխները:
«Պետութիւնը այս բոլորին հոգալու ի վիճակի չէ,- կ՛ըսէ նորաձեւութեան տան գլխաւոր պատասխանատուներէն` Փիեթրօ Պեքարի:- Կ՛ուզենք օգնել եւ ոչ թէ` մեր անունը հսկայական տառերով արձանագրել շատրուանին վրայ»:
Ցարդ ամէնէն վիճելի համաձայնութիւնը նաեւ ամէնէն հսկայական նուիրատուութիւնն է: Իտալական կաշիէ հանդերձանքի հռչակաւոր Թոտ՛ծ վաճառանիշը 33 միլիոն տոլար նուիրած է իրականացնելու համար արդի պատմութեան մէջ Քոլոսէումի ամէնէն ամբողջական վերանորոգութիւնը: Վերջերս վերանորոգող վարպետներ թառած էին հնադարեան կառոյցին շուրջ. անոնք ջուր եւ կիր կը սրսկէին մաքրելու համար զայն: Քոլոսէումի մրոտած պատերը արդէն սկսած են ստանալ գարիի երանգ մը եւ յիշեցնել այն գոյնը, որ ունէին հնադարեան ժամանակներուն, երբ հռոմէացիք կը մէկտեղուէին` արիւնալի մարզախաղեր դիտելու համար:
Սակայն Թոտ՛ծի նախագահ միլիառատէր Տիեկօ Տելլա Վալլէի հետ կնքուած համաձայնագիր մը զայրոյթ պատճառած է քաղաքացիներու խմբաւորումի մը, որ զայն կը նկատէ չափազանց առատաձեռն: Համաձայնութիւնը Թոտ՛ծին կը շնորհէ իրաւունքը իր վաճառանիշին խորհրդանշանը որոշ ժամանակ մը տպելու Քոլոսէումի մուտքի տոմսերուն վրայ, որոնց տարեկան վաճառքը կը հասնի քանի մը հարիւր հազարի, ինչպէս նաեւ` վաճառանիշը մինչեւ 15 տարի օգտագործելու Քոլոսէումի վերանորոգութեան եւ ծանուցումին առնչուող նիւթերու մէջ:

Վենետիկի Տոճերու պալատը:
Այսուհանդերձ, Տելլա Վալլէ կը շեշտէ, թէ քննադատներ կը փնտռեն յետին նպատակներ, մինչդեռ անոնք գոյութիւն չունին: Ան կը բացատրէ, թէ ընդունած է նուիրատուութիւնը կատարել, պարզապէս որովհետեւ հաճելի նկատած է հռչակաւոր կառոյց մը վերանորոգելու գաղափարը:
«Արուեստի որեւէ ձեւի զօրակցելով առանց որեւէ ակնկալութեան նուիրատուութիւն կատարելը պէտք չէ զարմանք պատճառէ,- կ՛ըսէ ան:- Յաջողելու բախտը ունեցած ընկերութիւններ պէտք է փոխադարձ դրական բան մը կատարեն իրենց երկրին համար»:
Հռոմի քաղաքապետը եւս կ՛արհամարհէ քննադատները:
«Եթէ մէկը 32 միլիոն տոլար կու տայ քեզի` Քոլոսէումը վերանորոգելու համար, գիտե՞ս` ինչ կ՛ընես, կ՛առնես տրուած գումարը», կ՛ըսէ ան:

