Մուշի Հայկական Եկեղեցին Փլուզման Սեմին Հասած Է

0912_mushՊոլսոյ «Ակօս» թերթը կը նշէ, որ ներկայիս Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ մնացող կիսաքանդ հայկական կոթողներէն մէկն է Մուշի Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին, ահազանգելով, որ անիկա քանդուելու վտանգին տակ կը գտնուի Մուշի հայկական թաղամասին մէջ շինարարական աշխատանքներուն պատճառով:

Մուշի Ամրոց (Քալէ) թաղամասի հայկական եկեղեցւոյ ճակատագիրը կապուած է քաղաքի վերակառուցման ծրագիրին եւ զայն քանդելու որոշում իսկ կրնայ տրուիլ:

Մուշի Ս. Աստուածածին եկեղեցին մինչեւ 1958 պետական սեփականութիւն համարուած էր, սակայն 1958-ին սեփականաշնորհուած եւ դարձած է Սոյլեմեզ ընտանիքին սեփականութիւնը:

Առանց հայկական համայնքի մնացած եկեղեցին տարիներ շարունակ անխնամ մնալով` մասամբ քանդուած է: Գմբէթը ամբողջութեամբ քանդուած է, եւ մնացած են պատմական յուշարձանին չորս պատերը միայն:

Այն տարածքը, ուր կը գտնուէի եկեղեցին, սեպտեմբեր 2012-ին Թուրքիոյ կառավարութեան որոշումով յայտարարուած է քաղաքային վերակառուցման գօտի: Այնտեղ կը նախատեսուի նոր շէնքեր կառուցել: Շինարարական աշխատանքները սկսած էին անցեալ տարի:

Հակառակ լրատուամիջոցներուն մէջ բարձրացուած աղմուկին` հայկական թաղամասի շինարարութիւնը չէր դադրեցուած եւ հայկական հին տուները քանդուած էին:

Share this Article
CATEGORIES