Մուսա Լերան Հերոսամարտի 99-Ամեակին Առիթով. Յուշ Մը Մովսէս Տէր Գալուստեանէն
ՀՐԱՆԴ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
Հայաստանի անկախութեան, 28 մայիսին, թերեւս 30-րդ տարեդարձն էր, 1948-ական թուականներուն, որ տեղի կ՛ունենար Զահլէի Վատի սրճարանին մէջ, ուր ընկերներով եկած էինք Պէյրութէն վայելելու օրուան հանդիսութիւնը. հոն էր նաեւ Մուսա լերան հսկան` Մովսէս Տէր Գալուստեան:
Ան յաճախ կ՛երեւար եւ կը ճառախօսէր իր ժամանակի մայիսեան տօնակատարութեանց եւ երեսփոխանական ընտրութիւններու առիթով:
Հաճոյքով կ՛երթայինք զինք լսելու եւ ոգեւորուելու համար: Հազիւ 100 մեթր հեռացած էինք սրճարանի մուտքէն, տօնակատարութեան աւարտին բազմաթիւ երիտասարդ ընկերներ շուրջը բոլորուած եւ յեղափոխական երգերով դուրս կ՛ելլէին սրճարանէն դէպի Զահլէի մայր պողոտան, այդտեղէն ցրուելու համար:
Հազիւ 100 մեթր հեռացած էինք սրճարանի մուտքէն, եւ «Յառա՛ջ, նահատա՛կ» երգը աւարտած, կեցուց մեզ, գիտցանք, թէ ըսելիք մը ունէր. լռութիւն տիրեց: Մենք զինք կը դիտէինք, ան հասակով բարձր էր, զգացինք, որ խանդավառուած էր երիտասարդներուն եռանդուն երգերով, մանաւանդ` «Երթա՛նք, կոթողե՛նք դրօշակ եռագոյն» բառերէն:
Ձեռքերը վեր առաւ, խրոխտ ձայնով, հրամայական շեշտով ըսաւ.
«Ընկերնե՛ր, վստահ եղէք, որ մօտ է այն օրը, երբ պիտի երթանք եւ հայկական եռագոյն դրօշակը պիտի կոթողենք Հայաստանի խորհրդարանին վրան. դո՛ւք պիտի տեսնէք զայն»:
Իրապէս մենք տեսանք, թէեւ ինք մարմնական աչքերով չտեսաւ, սակայն անոր հոգին կը հրճուի` տեսնելով Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին ծածանող բիւրաւոր եռագոյն դրօշակները:
Մովսէս Տէր Գալուստեան հաւատաւոր եւ քաջասիրտ, անձնուրաց յեղափոխական մըն էր իր յաղթելու վճռական կամքով եւ զօրեղ հաւատքի ուժով Մուսա լերան եւ Արարայի ճակատներէն յաղթական դուրս եկաւ:
Անոր խօսքերը կանխահաս մարգարէութիւն մը չէին. ինք քաջ գիտէր, թէ բռնակալներուն, ժողովուրդի թշնամիներուն կեանքը միշտ կարճ եւ ժամանակաւոր եղած է, ի վերջոյ ժողովուրդը որոշած է անոնց ճակատագիրը եւ վերջնականապէս տապալած է զանոնք:
Համայնավար լուծին տակ հիւծող, նոր ապրիլ 24-էն` ստալինականութենէն ետք ժողովուրդը ինչպէ՞ս յեղաշրջեց կացութիւնը. սա հերոս Տէր Գալուստեաններուն ցանած առողջ սերմերուն արդիւնքն էր, մէկի տեղ 50-60 արդիւնքով, հայկական քաջամարտիկներ իրենց արեան գնով ազատագրեցին Հայաստանն ու Արցախը, համայնավար եւ ազերիներուն ճիրաններէն:
* * *
Անմահ Մովսէս Տէր Գալուստեան, դուն հանգիստ ննջէ, քու հետեւորդ ժառանգորդներդ գործդ շարունակեցին եւ ուխտած են ու դեռ պիտի շարունակեն` մինչեւ միացեալ եւ անկախ Հայաստանի տեսլականը իրականութիւն դառնայ:
Յարգանք ու պատիւ անմոռաց յիշատակիդ համար:
Այնճար, 13 սեպտեմբեր 1998

