Խաչվերաց. Տօն Վերացման Սրբոյ Խաչին (Այդ Առիթով Նաեւ Խորհրդածութիւններ Խաչի Մասին)

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

Ներածական

Khatchverats_1Հայաստանեայց եկեղեցին տարուան ընթացքին զանազան առիթներով կը նշէ խաչին նուիրուած տօներ եւ այդ առիթով իր հոգեթով ու խորիմաստ շարականներով, աղօթքներով եւ մաղթանքներով կ՛ոգեկոչէ Քրիստոսի խաչելութեան ընդմէջէն փրկագործութեան խորհուրդը: Այդ տօները առհասարակ առնչուած են Քրիստոսի խաչին վերաբերող պատմական եղելութեանց կամ դրուագի մը:

Անոնք հաստատուած են եկեղեցական հայրերու կողմէ, որպէսզի եկեղեցին կրկին անգամ յիշեցնէ հաւատացեալներուն, Գողգոթայի բարձունքէն` Քրիստոսի խաչէն ճառագայթող յաւիտենական ճշմարտութիւններն ու երկնային պատգամները, Քրիստոսի անմեղ արեամբ սրբագործուած խաչին ամենայաղթ զօրութիւնը, անոր հաւատքի եւ յոյսի, ներշնչումի անսպառ աղբիւր եղած ըլլալը: Առ այդ,  կը հայցէ անոր հովանին` պաշտպանուելու համար երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիներէն, խափանելու համար չարիքի ուժերուն ներգործութիւնը մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքին մէջ:

Խաչին նուիրուած տօներուն մեծագոյնը Խաչվերացն է, որ Կաթոլիկ եւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցիները միշտ կը տօնեն 14 սեպտեմբերին, իսկ մեր եկեղեցին` 14 սեպտեմբերի մօտիկ կիրակին, որպէսզի կիրակի օրով աւելի մեծ թիւով հաւատացեալներ առիթ ունենան մասնակցելու այդ առիթով տեղի ունեցող հանդիսաւոր կրօնական արարողութեանց: Հետաքրքրական է,  որ այս տարի 14 սեպտեմբերը զուգադիպելով կիրակի օրուան, Հայաստանեայց եկեղեցին եւ միւս եկեղեցիները միասնաբար պիտի նշեն Խաչվերացը:

Մինչեւ մեր Տիրոջ` Յիսուսի Քրիստոսի խաչ բարձրանալը, Հռոմէական կայսրութեան սահմաններուն մէջ խաչը մարդոց համար մահուան այն անարգ, զզուելի գործիքն էր (ինչպէս այս օրերուն` կախաղանը), որով մահուան դատապարտուած ոճրագործները կամ քաղաքական վտանգաւոր յանցագործները կը պատժուէին հրապարակային կերպով: Որպէս խաչելութեան վայր` կ՛ընտրէին բարձունք մը կամ գլխաւոր հրապարակ մը, որպէսզի խաչուողը տեսանելի ըլլայ ժողովուրդին եւ անոր չարչարալից մահը սարսափ ազդէ ամբոխներուն վրայ:

Յիսուսի աշակերտներուն համար խաչը դադրեցաւ մահուան սարսափազդու գործիք ըլլալէ Քրիստոսի խաչելութենէն, յարութենէն եւ համբարձումէն ետք: Ճիշդ է, որ շուրջ երեք դար պէտք էր անցնէր Յիսուսի խաչելութենէն, որպէսզի խաչը դառնար ողջ քրիստոնէական աշխարհին համար խորհրդանիշը Քրիստոսի մահուան վրայ տարած յաղթանակին, այսուհանդերձ, առաքեալներուն, ինչպէս նաեւ նորադարձներու առաջին իսկ սերունդին համար խաչելութեան իրողութեան մէջ կը կայանար Աստուածորդւոյն փրկագործութեան խորհուրդը: Անոնք խորապէս համոզուած էին, որ Քրիստոս` աստուածային տնօրինութեամբ, իր անձին կամաւոր պատարագով դարձաւ զատկական նոր զոհն ու զոհասեղանը, «Գառն Աստուծոյ», որ համայն մարդկութեան մեղքերու քաւութեամբ խաչը վերածեց փրկութեան միջոցի, յաւիտենական կեանքի յոյսի աղբիւրի:

Պօղոս առաքեալի նորադարձ քրիստոնեաներուն ուղղած նամակներուն մէջ կը տեսնենք խտացած Յիսուսի աշակերտներուն հաւատքը խաչին նկատմամբ: Հեթանոսաց առաքեալ կոչուած Պօղոս զանազան առիթներով անդրադարձած է Քրիստոսի խաչին ու խաչելութեան եւ բացատրած` ի՛նչ կը նշանակէ քրիստոնեայ մկրտուելէ ետք Քրիստոսի խաչակից դառնալ: Ստորեւ կու տանք քանի մը նմուշներ:

«Եթէ Քրիստոսի կցորդ եղանք` իրեն պէս մեռնելով, նոյնպէս իրեն կցորդ պիտի ըլլանք` իրեն հետ յարութիւն առնելով: Գիտենք, որ մեր մէջ եղող հին մարդը անոր խաչակից եղաւ, որպէսզի մեղանչական մարդը մեռնի, որպէսզի այլեւս մեղքին չծառայենք (Հռոմ. Զ. 5-6):

«Խաչի մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի` փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար, Աստուծոյ զօրութիւնն է անիկա (Ա. Կորնթ. Ա. 18):

«Աստուծոյ խաչը, որ հրեաներ տկարութիւն կը համարեն, աւելի զօրեղ է, քան` մարդկային ամէն զօրութիւն (Անդ. Ա. 25):

«Եղբայրնե՛ր, երբ ձեզի եկայ, իմաստասիրական մեծ-մեծ խօսքերով չէր, որ ձեզի պատմեցի Աստուծոյ փրկութեան ծրագրին մասին, որովհետեւ միակ նպատակ դրած էի ձեզի ճանչցնել Յիսուսը` Քրիստոսը, այսինքն` նոյնինքն խաչուած Փրկիչը (Անդ. Բ. 2):

«Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի, որ մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ (Գաղ. Զ. 14):

«Քրիստոս ինքզինք խոնարհեցուց եւ Աստուծոյ հնազանդեցաւ` յանձն առնելով մահը, եւ այն ալ` խաչի մահը: Ատոր համար ալ Աստուած զայն շատ բարձրացուց» (Փիլ. Բ. 8):

Յակոբոս Առաքեալ Եւ Քրիստոսի Խաչի
Պաշտամունքը

Առաքեալներու քարոզութեանց շրջանին խաչին փրկարար զօրութեան նկատմամբ գոյութիւն ունեցող հաւատքի գործնական արտայայտութիւններէն մէկը կը տեսնենք Զեբեդէոսի որդի եւ Յովհաննէս առաքեալի եղբայր` Յակոբոս առաքեալի խաչի բարձրացման եւ պանծացման, անոր ընծայուած պաշտամունքի արարքին մէջ: Անոնք կոչուած են Որդիք Որոտման:

Յակոբոս առաքեալ, որ պերճախօս ու հռետոր քարոզիչ էր, երբ առիթով մը խորը հաւատքով եւ համոզումով կը բացատրէր ու կը բացայայտէր խաչին վերապահուած նախախնամական իւրայատուկ դերակատարութիւնը փրկագործութեան խորհուրդին մէջ, Յիսուսի` «ի մէջ երկուց անօրինաց» խաչին վրայ իրագործած գերագոյն զոհողութեան իմաստն ու նպատակը, իր ոգեւորութեան գագաթնակէտին, ըստ աւանդութեան, Քրիստոսի խաչին նմանողութեամբ փայտէ խաչ մը կանգնեցուց իր եւ հաւատացեալներուն առջեւ եւ առաջին անգամ ըլլալով պաշտամունքի առարկայ դարձուց խաչը: Երկիւղածութեամբ ծունկի գալով անոր առջեւ` արտասանեց մեզի ծանօթ «Խաչի քո Քրիստոս երկիր պագանեմք» աղօթքը:

Ահա խաչին նուիրուած այս փառաբանական աղօթքն է, որ կը կատարենք Խաւարման գիշերին, նախքան Աւագ հինգշաբթի գիշերուան սրտագրաւ ու հոգեպարար արարողութեանց աւարտը: Մինչ սեւ քողով ծածկուած խաչին ու Աւետարանին առջեւ ծունկի եկած ենք, սրբազան արարողութեանց նախագահող աւագ հոգեւորականը կը խնկարկէ դասին մէջ` խոնարհելով խաչին ու Աւետարանին առջեւ. իսկ դպրաց դասը կը հրաւիրէ Քրիստոսի խաչակից դարձած ներկայ հաւատացեալները երկրպագելու Քրիստոսի խաչին.

«Խաչի քո Քրիստոս երկիր պագանեմք եւ զթաղումն քո մեծացուցանեմք, եւ զսուրբ Յարութիւնդ քո փառաւորեմք: Եկայք հաւատացեալք երկրպագեսցուք Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ, որովհետեւ [Ան աշխարհ] եկաւ [մեզի համար] եւ իր խաչին շնորհիւ աշխարհին պարգեւներ շնորհեց»:

Թէեւ այս դրուագը մաս կը կազմէ եկեղեցւոյ աւանդութեան, սակայն եկեղեցական տօնացոյցին մէջ յատուկ տօն չէ նշանակուած անոր համար: Այսուհանդերձ, Յակոբոս առաքեալ այլապէս անմահացաւ եւ իր անջնջելի յիշատակը ձգեց եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Յակոբոս իր յանդուգն նկարագրով եւ խիզախ քարոզութեամբ դարձաւ առաքեալներուն մէջ առաջին լուսապսակ նահատակը: Ան գլխատուեցաւ Հերովդէս Ագրիպպաս թագաւորին (41-44) հրամանով, 44 թուականին:

Հաւատացեալները յաջողեցան ապահովել անոր գլուխը եւ բերին ու թաղեցին Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոս` Յակոբոս Տեառնեղբօր տան մէջ, որ դարձած էր նորադարձ քրիստոնեաներուն աղօթավայրը: Հետագային, երբ Տեառնեղբայր Յակոբոս եւս վախճանեցաւ, թաղուեցաւ նոյն տան մէջ: Դարեր ետք այդ տան վրայ, հոն, ուր կը հանգչէին երկու Յակոբները, կառուցուեցաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան մայր տաճարը` Սրբոց Յակոբեանց անունով, ի յիշատակ այն երկու Յակոբներուն, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերած էին Քրիստոսի վարդապետութեան պաշտպանութեան եւ տարածման մէջ:

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց եկեղեցւոյ մէջ է այն մատուռը, ուր կայ խորան-գերեզմանը Յակոբոս առաքեալի. այդ խորանին տակ թաղուած է նահատակ առաքեալին գլուխը: Այն հաւատացեալները, որոնք կ՛այցելեն այս սրբատեղին, կը տեսնեն Ս. Գլխադիրը, առաքեալի գլխուն այնքան տպաւորիչ նկարը` արծաթեայ շրջանակի մէջ առնուած:

Վերջապէս, կ՛արժէ կրկին անգամ շեշտել, որ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց տաճարին լուսաճաճանչ կամարներուն ու ոսկեպատ խորաններուն տակ յաւիտենական քունով ննջող երկու առաքեալները հանդիսացան ոչ՛ թէ միայն պարծանքը Հայ եկեղեցւոյ, այլ իրենց կեանքով ու գործով դարձան հաւատքի այն ամրակուռ վէմերը, առաջին հիմնաքարերը, որոնց վրայ կառուցուեցաւ Քրիստոսի Տիեզերական եկեղեցին այս աշխարհի վրայ:

Խաչն ու խաչեալը շարունակեցին խաչին փրկարար զօրութեան հաւատացող քրիստոնեաներուն համար մեծարանքի, փառաւորման, յաղթանակի եւ ներշնչումի աղբիւր հանդիսանալ, մինչեւ բազում նահատակներու արեան հեղումով եւ անխախտելի հաւատքով քրիստոնէութիւնը յաղթանակեց եւ խաչը դարձաւ քրիստոնէութիւնը պետականօրէն ընդունած կայսրութեան ժողովուրդներուն համար յաղթութեան, զօրութեան եւ փրկութեան խորհրդանշան:

Գիւտ Խաչի-Քրիստոսի Իսկական
Խաչափայտի Գտնուիլը

Khatchverats_2Մեծն Կոստանդիանոս կայսրը երբ 312-ին քրիստոնէութեան թշնամի Մաքսենտիոսի դէմ Հռոմի պարիսպներուն առջեւ, խաչին զօրութեամբ վճռական յաղթանակ տարաւ, 313-ին Միլանոյի մէջ ստորագրեց իր պատմական հրովարտակը, որով կրօնական ազատութիւն շնորհեց իր կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող բոլոր հպատակներուն` հետեւելու իրենց ընտրած կրօնին, պաշտելու իրենց Աստուածը իրենց հաւատալիքներով: Բնականօրէն այս արտօնութենէն նաեւ օգտուեցան քրիստոնեաները, որոնք առաջին անգամ ըլլալով դուրս գալով իրենց ընդյատակեայ` արգիլեալ կրօնի հետեւորդներ ըլլալու վիճակէն, սկսան վայելել բոլորին շնորհուած ազատութիւնը:

Մինչ այդ քրիստոնէութիւնը անցնող շուրջ 300 տարուան ընթացքին երկար ճանապարհ էր կտրած: Երբեմնի հալածուած եւ ատուած կրօնը արդէն տարածուած էր կայսրութեան մայրաքաղաքէն սկսեալ, մինչեւ հեռաւոր ծայրագաւառները: Անշուշտ այս բոլորին մէջ բացառութիւն էր Հայաստանը, որ 301 թուին արդէն քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս որպէս պետական կրօն ընդունած էր եւ, առ այդ, հայութեան կեանքին մէջ տեղի ունեցած էր անկիւնադարձային փոփոխութիւն:

Կոստանդին կայսր 323-25 տարիներու ընթացքին անձամբ յարելով քրիստոնէութեան` 325-ին զայն ընդունած էր որպէս կայսրութեան պետական կրօնը: 325-ին գումարել տալով Նիկիոյ Տիեզերական Ա. ժողովը` ուզեց վերջ տալ եկեղեցւոյ գիրկը յառաջացած հերձուածողական եւ հերետիկոսական շարժումներուն եւ դարձնել քրիստոնէութիւնը միութեան այն նոր եւ ամուր օղակը, որ պիտի ապահովէր կայսրութեան միութիւնը` ընդգրկելով իր մէջ ազգութեամբ եւ մշակոյթով տարբեր ժողովուրդներ:

Ուխտագնացութիւնները դէպի Երուսաղէմ արդէն սկիզբ առած էին Միլանոյի հրովարտակէն ետք, սկսեալ 313 թուականէն: Հաւատացեալներ մեծապէս հետաքրքրուած էին տեսնելու մեր Տիրոջ` Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Տեղեաց տիրակոխ վայրերը, հոն, ուր ան ծնած էր ու մկրտուած, քարոզած ու հրաշքներ գործած: Յատկապէս անոնց հետաքրքրութեան առարկան էր Երուսաղէմը, այնտեղ, ուր մեր Տէրը հաստատած էր Ս. պատարագի խորհուրդը, ձերբակալուած, չարչարուած, խաչուած, թաղուած ու յարութիւն էր առած: Ամէն ինչ եւ վայր, որ կապ ունէր Քրիստոսի կեանքին հետ, սրբութիւն էր եւ ուստի` պաշտամունքի առարկայ: Վանական շարժումները արդէն սկիզբ էին առած եւ շուտով պիտի ծաւալէին ամէնուրեք:

Ուստի, 326-ին Կոստանդին կայսեր մայրը` Ս. Հեղինէ, որուն համար կ՛ըսուի, թէ իր զաւակին բոլոր բարի գործերուն մղիչ ուժը եղած էր,  կը ձեռնարկէ իր պատմական ուխտագնացութեան դէպի Երուսաղէմ: Ընկերակցութեամբ պալատական շքախումբի, Երուսաղէմ հասնելէ ետք, անոր առաջին գործը կ՛ըլլայ փորձել գտնել Քրիստոսի իսկական խաչափայտը:

Երկար ժամանակ էր անցած Քրիստոսի խաչելութենէն. բնականօրէն շատ դժուար էր իրագործումը նման փափաքի մը: Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ հրեայ հնագէտի մը օգնութեամբ Գողգոթայի բարձունքին կատարուած պեղումներու շնորհիւ երեւան կու գան երեք խաչեր: Կ՛ենթադրեն, որ անոնցմէ երկուքը պէտք էր Քրիստոսի հետ խաչուած աւազակներուն խաչերը ըլլային. իսկ երրորդը` Քրիստոսի:

Khatchverats_3Որոշելու համար, թէ անոնցմէ ո՞ր մէկն է Քրիստոսի խաչը, կը դիմեն հետեւեալ միջոցին: Նոր մեռած պատանիի մը դիակը կը բերեն եւ հերթաբար կը դնեն անոնց վրայ: Առաջին երկու խաչերէն որեւէ արդիւնք չեն ստանար: Կ՛եզրակացնեն, որ պէտք է անոնք Քրիստոսի խաչակից չարագործներուն խաչերը ըլլային. իսկ երբ երրորդ խաչին վրայ կը պառկեցնեն մահացած պատանին, ան անմիջապէս կենդանութեան նշաններ ցոյց կու տայ եւ յարութիւն կ՛առնէ: Ականատես այս հրաշքին` անոնց մտքերուն մէջ կասկած չի մնար, որ այդ մէկն էր իրենց փնտռած Քրիստոսի խաչը, որուն վրայ Ան իր կենդանարար արիւնն էր թափած եւ իր մահուամբ յաղթանակած` մահուան:

Դարձեալ աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ խաչի գիւտին օգնած հրեայ հնագէտը տեղւոյն վրայ դարձի կու գայ եւ կ՛ընդունի քրիստոնէութիւնը: Իսկ այս առիթով Քրիստոսի իսկական խաչափայտէն փոքրիկ կտորներ` մասունքներ կը տրուին զանազան եկեղեցիներու, իսկ բուն խաչը կը պահուի Երուսաղէմի մէջ: Հետագային, երբ կը կառուցուի Ս. Յարութեան տաճարը, խաչը կը փոխադրուի այնտեղ, ուր մեծ ակնածանքով կը պահուի` որպէս սրբութիւն սրբոց, դարեր շարունակ:

Յատկանշական է, որ դարձեալ Ս. Հեղինէին կը վերագրուի Քրիստոսի գերեզմանին վայրը գտնելու իրողութիւնը, ուր կը կառուցուի առաջին եկեղեցին: Այնուհետեւ, յաջորդող դարերու ընթացքին նոր բաժիններ կ՛աւելնան անոր կողքին, բազմիցս նորոգութեանց կ՛ենթարկուի, միշտ նոր շինարարութիւններով կ՛ընդարձակուի, որոնց արդիւնքն է այսօրուան Ս. Յարութեան տաճարը` բաղկացած բազմաթիւ խորաններէ, մատուռներէ եւ եկեղեցիներէ: Քրիստոնէական աշխարհի բաբախող սիրտը հանդիսացող այս սրբատեղիին մէջ Հայոց եկեղեցին ունի այնպիսի իրաւունքներ, որոնք նախանձը` կը շարժեն Կաթոլիկ, Յոյն Ուղղափառ ու տակաւին բազմաթիւ արեւելեան եկեղեցիներու:

Ս. Հեղինէն նուիրագործեց դէպի Երուսաղէմ կատարուող ուխտագնացութեան գաղափարը: Իր անդրանիկ այցելութեամբ հիմքը դրուեցաւ զանազան եկեղեցիներու, որուն յաջորդեցին վանական համալիրները. սակայն այս ուխտագնացութեամբ իրագործուած ամէնէն կարեւոր իրողութիւնը այն էր, որ Քրիստոսի խաչափայտի գիւտը պատճառ հանդիսացաւ, որ Քրիստոսի խաչին նկատմամբ ցուցաբերուի առաւել չափի երկիւղալից յարգանք, ստեղծուի անոր ամենայաղթ զօրութեան վերաբերեալ խորունկ հաւատք, քանի որ խաչը փաստօրէն խորհրդանիշն էր Քրիստոսի խաչելութեան, իսկ խաչելութեամբ իրագործուած էր փրկագործութեան խորհուրդը: Ահա թէ ինչո՛ւ հաւատացեալ քրիստոնեային համար խաչն ու խաչեալը դարձան իրարմէ անբաժանելի մէկ ամբողջութիւն, նոյնպէս` Աստուծոյ էութեան անբաժանելի մէկ մասը:

Ըստ Մատթէոս աւետարանիչին, Վերջին դատաստանի օրը, նախքան Քրիստոսի երկրորդ գալուստը, խաչը պիտի երեւայ երկնքի վրայ: Ստորեւ կը մէջբերենք յիշեալ համարները.

«Որովհետեւ Մարդու Որդին պիտի գայ կայծակի նման, որ երբ փայլատակէ, կը լուսաւորէ ամբողջ երկնակամարը, արեւելքէն արեւմուտք: Անգղները կը հաւաքուին հոն, ուր դիակ կայ»:

«Նեղութեան այդ օրերէն անմիջապէս ետք արեւը պիտի խաւարի եւ լուսինը այլեւս պիտի չփայլի. երկինքէն աստղերը պիտի իյնան եւ երկնային մարմինները պիտի սասանին: Ապա Մարդու Որդիին (Յիսուսի) նշանը (խաչը) պիտի երեւի երկինքի մէջ… երբ մեծաձայն փողը հնչէ, ան իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որպէսզի հաւաքեն իր ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն…» (Մատթ. ԻԴ. 27-31, հմմտ. Մարկ. ԺԳ. 24-31, Ղուկ. ԻԱ. 25-33):

Ուստի զարմանալի չէ որ սրբազան շարականագիրը Խաչվերացի տօնին առիթով երգուող Կանոն երեքշաբթի օրուան շարականին մէջ կը խնդրէ Փրկիչէն.

«Յորժամ յարեւելից լուսածագիս անճառ հրաշիւք, կարապետ առնելով զյաղթանակ սուրբ նշանն, աղաչեմք զքեզ Տէր պահպանեա զմեզ ընդ հովանեաւ խաչի քո սուրբ»:

– Երբ արեւելքէն անճառելի հրաշքով ծագիս, յաղթական սուրբ նշանը (սուրբ խաչը) ունենալով որպէս կարապետ (քու առջեւէդ ընթացող), կ՛աղաչենք քեզ Տէր, քու սուրբ խաչիդ հովանիին տակ պահպանէ մեզ:

Իսկ հինգերորդ օրուան կանոնին մէջ արտայայտելով նոյն գաղափարը` կը յիշէ, որ Յիսուս նաեւ պիտի դատապարտէ հրէից անհաւատ ազգը:

– «Յորժամ յարեւելից փայլիս անճառ լոյսով լուսաւորես զհաւատացեալսն. եւ դատապարտես զազգն հրէից անհաւատից, ո՜վ սուրբ քառաթեւ (խաչ) եւ զիս լուսաւորեա զխաւարեալս մեղօք, եւ դասակարգեա ի կարգս մատենագրի յանճառ երկնից արքայութեանդ…»:

– Երբ արեւելքէն անճառելի լոյսով փայլիս եւ լուսաւորես հաւատացեալները եւ դատապարտես հրէից անհաւատ ազգը ո՜վ սուրբ խաչ, զիս` մեղքով խաւարածս ալ լուսաւորէ եւ դասակարգէ երկնքի անճառելի արքայութեան մատեանին մէջ:

Նախքան բուն Խաչվերացի տօնին վերաբերող մանրամասնութեանց մէջ մտնելը, պահպանելու համար խաչին նուիրուած տօներուն ժամանակագրական կարգը, անհրաժեշտ է համառօտ կերպով անդրադառնալ Երեւման Ս. Խաչի հրաշքին, որ տեղի ունեցած է 351 թուին, Երուսաղէմի մէջ:

10 սեպտ. 2014, Պիքֆայա
Ս. Աստուածածին Վանք

(Շար. 1)

 

Share this Article
CATEGORIES