ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՓԱՐԻԶ
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատան զինուորական կցորդը` Ֆիլիփ Փեթրել, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ ֆրանսական բանակներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները բարելաւելու կարելիութիւնները:
Միւս կողմէ, ֆրանսական դիւանագիտական աղբիւրները «Ախպար Եաում» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ զօր. Քահուաժի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի մեկնի Ֆրանսա, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ ֆրանսացի բարձրաստիճան զինուորականներու հետ` քննարկելու համար լիբանանեան եւ ֆրանսական բանակներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման հարցը:
Ֆրանսական դիւանագիտական նոյն աղբիւրները դիտել տուին, որ Ֆրանսա յանձնառու է լիբանանեան բանակին զօրակցելու եւ հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու:

